Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

February 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընթերցող,

Տարիներ շարունակ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը (ԼԵՄ) հետեւողականօրէն հրատարակեց իր միութեան պաշտօնաթերթը` «Ռազմիկ»-ը: Տարիներ շարունակ, «Ռազմիկ»-ը եղաւ դաշնակցական երիտասարդին գաղափարներուն, մտածումներուն, կեցուածքներուն եւ գիտելիքներուն արտայայտման հարթակը: Դաշնակցական երիտասարդը «Ռազմիկ»-ին մէջ գրեց թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ներլիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային օրակարգերու ու անցուդարձին մասին: «Ռազմիկ»-ին վերջին թիւը եղաւ 2020-ի առաջին թիւը:

Վրայ հասան Լիբանանի տնտեսական տագնապն ու «Քորոնա» ժահրը:

Այսօրուան աննախադէպ ճգնաժամը պատճառ դարձաւ մեծ թիւով երիտասարդներու արտագաղթին եւ հայ երետասարդութիւնը դրաւ նոր իրականութեան մը ու նոր մարտահրաւէրներու առջեւ` բնականաբար դանդաղեցնելով մեր աշխատանքները, իսկ «Ռազմիկ»-ի պարագային` կասեցնելով հրատարակումները:

Բայց մենք մեր գրիչը վար պիտի չդնենք: Հետեւաբար «Ռազմիկ»-ի պաշտօնաթերթին փոխարէն` ժամանակաւորպէս եւ ամսական դրութեամբ «Ազդակ»-ին մէջ պիտի շարունակենք հրապարակել ԼԵՄ-ականներու կողմէ պատրաստուած յօդուածները, հարցազրոյցները եւ աշխատանքները:

Փետրուար ամսուան մեր այս թիւը նուիրուած է Արցախին: Արցախը հայութեան համար կը շարունակէ մնալ հիմնական օրակարգ: 1988-ին ծայր առած արցախեան ազատագրական պայքարը պսակուեցաւ յաղթանակով: Համայն հայութեան համար Արցախի Հանրապետութեան ստեղծումը դարձաւ յաղթանակներու եւ վերականգնած արժանապատւութեան խորհրդանիշը: Արժանապատուութիւն մը, որ կորսնցուցինք 2020-ի պատերազմէն ետք, եւ որ իրեն հետ տարաւ մարդկային, հողային եւ մշակութային մեծ կորուստներ: Այսօր վտանգուած է ոչ միայն Արցախը, այլ նաեւ` Հայաստանը: Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները անփորձ, ամբոխահաճոյ եւ հակահայ ընթացքով ամբողջ հայրենիքը կ՛ուղղեն դէպի քայքայում:

Արցախ-Ազրպէյճան պատերազմի աւարտին ստորագրուած եռակողմ նուաստացուցիչ յայտարարութենէն ետք, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները բացումը կատարեցին Երեւան-Պոլիս առաջին թռիչքներուն: Աւելի՛ն. պաշտօնական Երեւանը առաջ մղեց նաեւ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ծրագիրը, որուն կարգաւորման եւ Հայաստանի ի նպաստ պայմաններու ապահովման համար անհրաժեշտ քատրերը չնշանակուեցան: Յստակ չէ, թէ իշխող կուսակցութիւնը Ազրպէյճանէն ետք Թուրքիոյ հետ ինչպիսի՛ զիջումներու պիտի երթայ եւ ի՛նչ նուաստացուցիչ պայմաններուն պիտի ենթարկուի: Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականը աւելի եւս անկայունութիւն յառաջացուց եւ մէջտեղ բերաւ Հայաստանի Սահմանադրութեան հանդէպ հարցադրումներ, որոնց մէջ կան լաւ ու միաժամանակ երկրին համար վատ սահամանադրական փոփոխութիւններ կատարելու մտադրութիւնները:

Իր այս էջով ՀՅԴ ԼԵՄ-ը անգամ մը եւս կու գայ իր միութեան անդամներուն մօտեցումները ներկայացնելու հանրութեան: Հրապարակուած յօդուածները եւ հարցազրոյցը կ’անդրադառնան պայքարի վերսկսելու կարեւորութեան, Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքին եւ Արցախ գործուղուած ԼԵՄ-ականներու աշխատանքներուն ու տպաւորութիւններուն:

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Անդամ Նանի Գալուստեանի Հետ Հարցազրոյց` Արցախի Պատանեկան Ճամբարի Գործուղման Մասին

Յաջորդը

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հոգեւոր ու Ազգային Ծառայութեան Երթը Կը Շարունակուի Վերանորոգ Երթով» Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.