Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ «Ռուսիան կրնայ որեւէ պահու Ուքրանիոյ վրայ յարձակում գործել»` նշելով. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այսօր ամերիկեան ազգային անվտանգութեան խորհուրդին հետ ժողով պիտի գումարէ` քննարկելու համար ուքրանական տագնապը»:
«Նախագահ Պայտըն կը շարունակէ հետեւիլ Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան զարգացումներուն, եւ ազգային անվտանգութեան անոր խումբը զինք կանոնաւոր կերպով տեղեակ կը պահէ գետնի վրայ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներէն: Անոնք վստահեցուցին, որ Ռուսիան որեւէ պահու կրնայ Ուքրանիոյ վրայ յարձակում գործել», ըսաւ Փսաքի:
Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու հետախուզութիւնը իրեն յայտնած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ուքրանիա ներխուժելու» որոշումը տուած է, եւ ենթադրեալ յարձակումը «յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին» տեղի պիտի ունենայ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ռուսական զինուորական մեքենաներուն դէպի Քիեւ ուղղուիլը տեսնելու մեծ հաւանականութիւն կայ»: Ան նշեց, որ «Ուքրանիոյ հետ ռուսական սահմանին վրայ մեծաթիւ զինուորական սարքեր եւ ուժեր կը տեսնենք»:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Տոնպասի մէջ գոյութիւն ունեցող շփման գիծին վրայ կացութիւնը շատ լարուած է, եւ այդտեղ որեւէ սադրանք կրնայ անդառնալի հետեւանքներու յանգեցնել»:
«Յիշեցնենք, որ Ռուսիան իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին երբեք ոեւէ մէկուն վրայ յարձակում չէ գործած, եւ Ռուսիան, որ բազմաթիւ պատերազմներէ վերապրած է, Եւրոպայի մէջ վերջին երկիրն է, որ նոյնիսկ պատերազմ բառը կ՛ուզէ արտաբերել», աւելցուց Փեսքով` աւելցնելով. «Մոսկուան Արեւմուտքին կոչ կ՛ուղղէ ողջամիտ կերպով մտածելու, թէ Ռուսիան ի՛նչ նպատակով ոեւէ մէկուն վրայ յարձակում պիտի գործէ»:
Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ գոյութիւն ունին որոշակի «նշաններ», որ Ռուսիան «որոշ իմաստով արդէն սկսած է Ուքրանիոյ տարածք ներխուժելու ծրագիրի իրականացումը»:
«Կը վախնամ, որ այդ ծրագիրը, որուն իրագործումը մենք այժմ կը տեսնենք, կրնայ յանգեցնել Եւրոպայի մէջ 1945 թուականէն ի վեր մեծագոյն պատերազմին», կը պնդէ Ճոնսըն: Բրիտանիոյ վարչապետը վկայակոչած է հետախուզութեան տուեալները եւ յայտարարած, որ ռուսական զօրքերը կը ծրագրեն «շրջափակել» Քիեւը: Աւելի՛ն, մէջբերելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի խօսքերը, ան ընդգծած է, որ Մոսկուա մտադիր է «ներխուժում»-ի սկսիլ ո՛չ միայն Ուքրանիոյ արեւելքէն, այլ նաեւ Պիելոռուսիայէն:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Եւրոպական Միութիւնը շատ մտահոգ է, որ կազմակերպուած դէպքեր կրնան իբրեւ պատրուակ օգտագործուիլ հաւանական զինուորական մագլցումի համար»:
Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը «այդպիսի նպատակի արդարացման համար տեղեկութիւններու շահագործման համար ջանքերու աշխուժացում կը նկատէ»: Պորել շեշտեց. «Եւրոպական Միութիւնը որեւէ հիմք չի տեսներ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ չգտնուող Տոնեցք եւ Լուկանսք շրջաններէն հնչող ուքրանական հաւանական յարձակումի մը վերաբերող պնդումներուն»:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել երէկ Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ուքրանիոյ շուրջ ռուսական ուժերու կուտակումը կը շարունակուի, մենք լարուածութեան մեղմացման նշաններ չենք տեսներ»: Ան աւելցուց. «Մենք չենք կրնար յաւերժ առաջարկել ձիթենիի ճիւղ. եթէ մագլցումը շարունակուի, պիտի հաստատուին լայնածաւալ պատժամիջոցներ»:
Ան նաեւ այն կարծիքը յայտնեց, որ Ռուսիան փորձած է պառակտել Արեւմուտքը, սակայն նպաստած է հակառակ արդիւնքին` համախմբելով Եւրոպական Միութեան երկիրները, անդրատլանտեան դաշնակիցները եւ ամբողջ աշխարհի գործընկերները, ներառեալ Ճափոնը:
Էլիզէի պալատը նշեց. «Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին յայտնեց, որ ինք պիտի չհակադարձէ Ռուսիոյ աջակցութիւնը վայելող անջատողականներու սադրանքներուն»: Զելենսքի յայտնած է, որ կ՛ուզէ տագնապին քաղաքական լուծում գտնել, եւ ատոր համար Ֆրանսային կը վստահի:
Էլիզէի պալատը նաեւ հաղորդեց. «Ցուցանիշներ ունինք, որ Ռուսիան Տոնպասի շրջանին մէջ յաւելեալ ուժերու տեղակայման կը պատրաստուի»: «Որեւէ կողմէ սխալ հաշուարկ մը Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը պիտի պայթեցնէ: Ռուսիան իր ուժերը Պիելոռուսիայէն չհեռացուց եւ տակաւին այդ հարցով մտահոգիչ տարրեր գոյութիւն ունին»: «Ոչ ոք կրնայ գիտնալ, թէ ի՛նչ պիտի պատահի, եւ Փութինի միտքէն ինչ կ՛անցնի», շեշտեց Էլիզէի պալատը:
Նշենք, որ Մաքրոն երէկ Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ, որմէ ետք հեռաձայնեց նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքիին: Ըստ Էլիզէի պալատին, Փութինի հետ հաղորդակցութիւնը տեւած է 1:45 վայրկեան:
Քրեմլին իր կարգին հաղորդեց, որ Փութին եւ Մաքրոն համաձայնած են Տոնպասի մէջ զինադադար հաստատել փորձելու եւ Ուքրանիոյ մէջ մագլցումէն խուսափելու քայլեր որդեգրելու շուրջ:
Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութիւններու իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ ուքրանական զինեալ ուժերուն կողմէ ենթարկուած են իրերայաջորդ ոտնձգութիւններու եւ ռմբակոծումի, որոնք Տոնեցքի մէջ թիրախ դարձուցած են կառավարական գործարան մը:
ԵԱՀԿ-ի յատուկ հսկողութեան առաքելութեան հսկիչները 18 փետրուարին Լուկանսքի շրջանին մէջ արձանագրած են 860 պայթումներ, որոնցմէ 744-ը` անծանօթ ծագումի:


