Միւնիխի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը 19 փետրուարին հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախարարները գոհունակութիւն յայտնած են երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմական կապերու եւ փոխըմբռնման վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու դրական աշխուժութեան առնչութեամբ` պատրաստակամութիւն յայտնելով որակական նոր մակարդակի հասցնելու հայ-իրանական համագործակցութիւնը անվտանգային, առեւտրական, տնտեսական, ուժանիւթի, փոխադրութեան, զբօսաշրջութեան ու մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները ընդգծած են «Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի ստեղծման մասին» համաձայնագիրի վերջնականացման եւ ստորագրութեան անհրաժեշտութիւնը` այս ծիրին մէջ կարեւոր նկատելով փորձագէտներու` 6-րդ հանդիպման կազմակերպման նպատակով միասնական ջանքերու ներդրումը:
Արարատ Միրզոյեան եւ Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան անդրադարձ կատարած են շրջանային ու միջազգային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակի:
Նախարար Միրզոյեան իր գործընկերոջ ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը, ինչպէս նաեւ` ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներթափանցման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը: Ան բարձր գնահատած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը: Ընդգծուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ եւ տեւական լուծման անհրաժեշտութիւնը:


