Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապի Ձիւնամարդն Ալ Օտարութեան Գնաց

February 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապի 2014-ի տեղահանութենէն ետք մեր թաղը կորսնցուց իր առաջուան եռանդն ու աշխուժութիւնը, ինչպէս որ կորսնցուց թաղի երիտասարդներէն ու դրացիներէն շատեր:

Անցեալին` ձմրան կանուխ առաւօտներուն, երբ թաղեցիները իրենց տան վառարանները կը բռնկեցնէին, թաղը ծուխի ու մշուշի մէջ կը կորսուէր: Երիտասարդներու խնդուքն ու պոռչտուքը, փոքրիկներու խաղերուն ձայնը, թաղի կիներուն հեռուէ-հեռու խօսակցութիւններն ու այցելութիւնները, պարտէզի աշխատանքներուն պատրաստութիւնն ու մեկնումի ձայները եւ դեռ ինչե՜ր ու ինչե՜ր: Այդպիսով մեր թաղին սիրտը անբացատրելի ուրախութեամբ կը բաբախէր:

Հետզհետէ երդիքներէն բարձրացող ծուխը նուազեցաւ ու խամրեցաւ, շատերունը` առ յաւէտ, մինչ նախապէս ծխնելոյզներու ծուխէն թաղեցիք կ՛իմանային, թէ ո՛վ արթուն է, կամ այսինչ դրացիին ծխնելոյզէն ծուխ չբարձրանալու պատճառը ի՞նչ է, արդեօ՞ք անհանգիստ կամ հիւանդ է:

Թաղի երիտասարդները մէկը միւսին ետեւէն գաղթի ճամբան բռնեցին: Մենք ալ անոնց համար ուրախ էինք: «Ուր որ ըլլան, հոն լաւ թող ըլլան, կարեւորը անոնց լաւ լուրերը առնենք», կ՛ըսէինք:

Օրերը անցան, շաբաթները, ամիսները եւ տարիները` նոյնպէս, ու օտարութեան մէջ ապրող հարազատներու լաւ լուրերը սպասելով` մեր կեանքն ալ անցաւ:

Այս ձմրան Քեսապ տեղատարափ ու առատ ձիւն տեղաց: Սպիտակ ձիւնը պատեց Քեսապը` ուրախութեամբ համակելով յոյսի նշոյլ փնտռող մեր սրտերը: Քեսապցիներ եւ ծովեզերեայ քաղաքներու սիրահարներ, անոր տեսքին կարօտ մարդիկ` բոլորը միախմբուեցան այստեղ, սկսան ձիւնով զբաղիլ, ձիւնամարդեր շինել ու անոնց հետ նկարուիլ: Քեսապի ամառնային եռուզեռը յիշեցնող պատկեր մըն էր:

Մեր թաղի փոքրերուն ու երիտասարդներուն ստեղծած եռուզեռը «ձիւնի օրերուն» չկար: Ես ու ամուսինս` երկուքով, փոքրիկ ձիւնամարդ մը շինեցինք, նկարուեցանք անոր մօտ` մեր զաւակներուն եւ հարազատներուն ուղարկելու համար: Ամէն անգամ երբ պատուհանին կողքէն կ՛անցնէի մեր սազած ձիւնամարդը դիտելու, հետզհետէ մտերմութիւն մը կը ստեղծուէր երկուքիս միջեւ, կարծես նոր դրացի մը ունեցած ըլլայինք: Այդ քանի մը օրը թաղի անցորդները կը մօտենային մեր թաղի ձիւնամարդուն ու անոր հետ կը նկարուէին: Այդպիսով,  ձիւնամարդը զբաղում դարձաւ մեզի եւ թաղին մէջ եռանդ ստեղծեց, իր պաղ մարմինով բոցավառեց եռանդի ու ջերմութեան կայծ մը, որմէ մեր թաղը երկար ատենէ ի վեր զրկուած էր:

Պատուհանին առջեւ նստած` առաւօտեան սուրճը կը խմէի, երբ ահա ձիւնի սիրահարներէն մին, մեր թաղի ձիւնամարդուն գլուխը պոկած, իր երկու ափերուն մէջ առած` ինքնաշարժին վրայ տեղաւորեց: Վրդոված ոտքի ելայ, պատուհանին փեղկը բացի ու բարձրաձայն, խիստ ոճով բացագանչեցի. «Այդ ձիւնամարդը իմս է»: Անոնք շփոթի մատնուեցան: Ինքնաշարժին տէրը զարմացած ինծի կը նայէր, կինը իրար անցած կը փորձէր ձիւնէ մարդը ետ վար իջեցնել` իր տեղը տեղաւորելով, ուրախ ցատկռտող իրենց փոքրիկը (զաւակը) կանգ առաւ ցատկռտելէ, անոր դէմքին գծուած ժպիտը սառեցաւ ու ձիւնամարդուն կերպարը ստացաւ, նոյնիսկ անոր արտայայտութիւնները սառեցան, չհասկցաւ, թէ ի՛նչ էր պատահածը:

Ես վրդոված ու ըմբոստացած` փորձեցի խորունկ ներշնչել, սկսայ ինքզինքիս հետ խօսիլ. «Խելքի՛ եկուր, զաւակդ չէ, որ պիտի տանին, ոչ ալ պարտէզէդ ծառ մըն է` արմատախիլ պոկուած, ինչո՞ւ այդքան վրդովեցար, ձգէ՛, թող տանին, վաղը անձրեւի կաթիլներն ու արեւի շողերը կը հալեցնեն զայն, թո՛յլ տուր, որ ուրիշներն ալ ուրախանան, եւ իրենց զաւակը ուրախացո՛ւր: Օտարութեան մէջ ուրիշներ ալ զաւակներդ կ՛ուրախացնեն, չէ՞»:

Երկվայրկեաններ անց պորթկումս ժպիտի վերածուեցաւ, բարձրաձայն, թաւշային սիրով լեցուն խնդրանք դարձաւ, որպէսզի դրսեցիները ձիւնամարդը իրենց հետ տանին: Անոնք ձիւնամարդը ինքնաշարժի պատեանին վրայ տեղաւորեցին, շնորհակալութիւն յայտնեցին ինծի:

Փոքրիկ տղան կրկին ցատկռտեց, անոր ուրախութեան ճիչը սիրտս խայտացուց: Ձեռքը վեր բարձրացնելով` ցտեսութիւն կ՛ուզէր ըսել, ես ալ ձեռքս վեր բարձրացուցի ուրախութեամբ, ցտեսութեան շարժումներով` հրաժեշտ տալու ոչ միայն իրեն, այլ ձիւնամարդուն, որուն կանգնած տեղը պարապութիւն մը ստեղծուեցաւ:

Յաջորդ օրերուն ամէն անգամ, որ պատուհանէն դուրս կը դիտէի` ձիւնամարդուն հետքերուն նայելով, զինք կը փնտռէի, բայց ա՛լ չկար, ան ալ օտարութեան գացած էր: Սկսայ ձիւնամարդուն վերադարձին ալ սպասել, ինչպէս աչքս ճամբուն կը սպասէի զաւակներուս, թաղի երիտասարդներուն ու դրացիներուն…

 

 

Նախորդը

Լեռ Կամսարի «Պարոնեանը Հայաստանում»

Յաջորդը

Մեր Ո՛ղբը… Մեր Ո՞ւժը (21 Փետրուար – Մայրենի Լեզուի Օր)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.