Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին եւ անոր Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ պաշտօնակիցները Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին քննարկած են Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական գործակցութիւնը եւ լարուածութեան նուազեցման անհրաժեշտութիւնը Ուքրանիոյ շուրջ կացութեան մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորէ, որ այս մասին նշուած է Փենթակոնի մամլոյ քարտուղար Ճոն Քըրպիի տարածած յայտարարութեան մէջ:
Հանդիպումին, բացի Օսթինէն, մասնակցած են Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարար Ֆլորանս Փարլին, անոր գերմանացի պաշտօնակից Քրիսթին Լամպրեխթը եւ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պեն Ուոլիսը: Անոնք «քննարկած են վերջերս կայացած դիւանագիտական գործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ եւ Ռուսիոյ կողմէ լարուածութեան մեղմացման անհրաժեշտութիւնը»:
Նախարարները յայտարարած են, որ «Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը կը պաշտպանեն», եւ նշած են «ՕԹԱՆ-ի միասնութեան կարեւորութիւնը Ռուսիոյ դիմակայելու, արեւելեան թեւի վրայ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները ոգեշնչելու եւ կանոներու վրայ հիմնուած միջազգային կարգը պահպանելու համար»:
Ինչպէս նշած է Քըրպի, Օսթին նաեւ առանձին հանդիպում ունեցած է Լամպրեխթի հետ:
Անոնք «քննարկած են լուրջ մտահոգութիւնը» Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ ռուսական ուժերու կուտակման պատճառով: Բացի ատկէ, նախարարները արծարծած են հարցեր, որոնք կը վերաբերին Ռուսիոյ դիմակայման, զինուորական գնումներուն եւ Հնդկաց-խաղաղական ովկիանոսեան շրջանի կացութեան:
Վերջին ժամանակներս Արեւմուտքի երկիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Քիեւի մէջ կը հնչեն յայտարարութիւններ Ուքրանիոյ տարածք Ռուսիոյ հաւանական ներխուժման մասին: Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով նման տեղեկատուութիւնը որակած է լարուածութեան սին ու անպատասխանատու բորբոքում եւ ընդգծած, որ Ռուսիան ոչ մէկուն համար սպառնալիք կը ներկայացնէ: Ան չէ բացառած սադրանքներու կարելիութիւնը յայտարարութիւններու արդարացման համար, եւ նախազգուշացուցած է, որ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ ճգնաժամի ուժային լուծման փորձերը պիտի ունենան լրջագոյն հետեւանքներ:


