Պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ այցելեց բանակի հրամանատարութեան զինուորական գործողութիւններու տնօրէնութեան կեդրոնատեղի, ուր ներկայ էր բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն եւ բանակի զինուորական գործողութիւններու պետ գնդապետ-զօրավար Ժան Նոհրա:
Այցելութեան ընթացքին Նոհրա Սլիմին ներկայացուց բանակին կատարած զինուորական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած ներկայի մարտահրաէրները, յատկապէս տնտեսական տագնապին լոյսին տակ:
Սլիմ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակի սահմանապահ ուժերը, որոնք կը հսկեն մաքսանենգումը արգիլելու աշխատանքներուն:
Սլիմ ընդգծեց, որ ներկայ տնտեսական մարտահրաւէրները կը ճնշեն զինուորականներուն վրայ` աւելցնելով սակայն, որ անոնց իրաւունքները կարմիր գիծեր են:
Սլիմ նշեց, որ ինք նախարարաց խորհուրդի նիստերուն ընթացքին ամէն իմաստով կը պաշտպանէ այդ իրաւունքները եւ ամրագրած է զանոնք 2022-ի պետական ամավարկին մէջ, որ պիտի ուղարկուի խորհրդարանը:
Սլիմ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը Լիբանանի ապահովական կայունութեան երաշխիքն է, եւ բոլորը պէտք է զօրակցին բանակին ու անոր նեցուկ կանգնին:
Իր կարգին, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Սլիմին` բանակին զօրակցելուն համար, ինչպէս նաեւ բանակայիններուն ու հանգստեան կոչուած բանակայիններուն իրաւունքները պաշտպանելու եւ անոնց համար պայքարելու համար:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը պիտի շարունակէ հայրենիքին եւ ժողովուրդին նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները` հեռու մարտահրաւէրներէն եւ տիրող պայմաններէն:


