Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախի Շարժման Մոլուցքով

February 19, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

34 տարի առաջ էր, այս օրերուն, երբ Ստեփանակերտի մէջ Արցախի հայութիւնը քայլարշաւներով եւ հաւաքներով պոռթկաց` պահանջելով դուրս գալ Ազրպէյճանի կազմէն եւ միանալ Մայր Հայաստանին:

Անարդարօրէն Հայաստանէն խլուած եւ Ազրպէյճանին յանձնուած այս սուրբ հողն ու անոր քաջարի բնակիչները ոտքի ելած էին միակամ եւ վճռական: Ազգային նոր զարթօնքի պահը հնչած էր:

1988-ի փետրուարեան այդ ցուրտ օրերուն, երբ արցախեան իւրայատուկ ձիւնն ու սառնամանիքը, բնութեան ցասումն ալ կ’ընկերացնէ ժողովուրդի պոռթկումին, 1918-ի մայիսեան զանգերու ղօղանջէն տարբեր պատկեր մը ստեղծած էին, սակայն սուրբ նպատակն ու խրոխտ կամքը միեւնոյնն էին, այսինքն` Արցախը տասնամեակներ ետք նոյն ոգիով կ’արձագանգէր Սարդարապատին, նաեւ Էրզրումէն հնչած ձայնին…:

Աւելի քան 30 տարի ետք, դժբախտ իրականութիւն է, որ 44-օրեայ պատերազմին արձանագրուած պարտութենէն ետք, հայրենի այժմու ղեկավարութիւնը այլանդակ շրջադարձ մը կատարած է 1988-ին բացուած ուղիէն եւ իր կիրարկած անողնայար, անհեռատես եւ թափթփած քաղաքականութեամբ մրցումի ելած է ինքնիրեն հետ` փոշիացնելու սուղ իրագործումները:

1988-ին վերընձիւղուած Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժումը լոկ անջատողական շարժում չէր, ծաւալապաշտ ձգտումներով տոգորուած տարածքի համար կռիւ չէր, այլ արդար պայքար` ազատութեան եւ անկախութեան համար, նորագոյն քայլ մը` հայկական հողերու հաւաքին:

Ընդհակառակը, դարաւոր թշնամին էր, որ մութ, բայց աղաղակող հաշիւներով կը փորձէր հայկական հողեր գրաւել եւ սեղմել օղակը, ի վերջոյ կերտելու համար Պոլիսէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա երկարող «համաթուրանական մայրուղի»-ն: Յստակ էր, թէ այդ ծրագիրը իրականացնելու համար աշխատանք կը տարուէր նմանապէս հայութենէն արմատախիլ եղած եւ «մարսուած» Նախիջեւանի մօտակայ շրջաններուն մէջ (Սիսիան, Կապան, Վայք), որպէսզի թուրքեր եւ ազերիներ բնակութիւն հաստատեն եւ ի վերջոյ դառնան այդ տարածաշրջանին տէրն ու տիրականը: Ազերիական «բջիջներ» սկսած էին կազմուիլ եւ անհանգստացնել շրջանի բնակչութիւնը:

Արցախեան շարժումը յաջողութեամբ գլուխ հանեց բուռն պայքարը` ընդդէմ «համաթուրանական մայրուղի»-ի կործանարար ծրագրին. կրկնակիօրէն դժուարին առաքելութիւն, որովհետեւ հայրենիքը դեռ Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան տակ կը գտնուէր: Այսօր, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, դժբախտաբար միեւնոյն արհաւիրքը կը շարունակուի վերանորոգ ձեւով, այս անգամ Սոթքի, Սեւ Լիճի եւ այլ շրջաններու իւրացմամբ:

Արցախցիին ու ողջ հայութեան արդար եւ օրինական քայլերուն դէմ հետեւողականօրէն գործեց Ազրպէյճանը` սկսելով Պաքուի եւ Սումկայիթին մէջ բնակութիւն հաստատած հայերու կոտորածէն, մինչեւ ծանր հրետանիով եւ օդուժով` Ստեփանակերտի անմեղ բնակչութեան վրայ կոյր ռմբակոծումները, սակայն հայութիւնը շուրջ 30 տարի դիմադրեց, եւ կարելի եղաւ կացութիւն շրջել եւ դուրս գալ այդ պարտուողի եւ լուծի տակ մնացողի բարդոյթէն:

Մօտաւորապէս մէկուկէս տարի առաջ, պատահեցաւ անսպասելին եւ անըմբռնելին. փոխան գերակայութեան բարդոյթին, անվստահութիւնը, սեփական վախն ու անկարգութիւնն են, որ կը տիրապետեն: Ո՛չ միայն նսեմացած է կարողականութիւնը, այլ արձակուրդի ղրկուած է վճռակամութիւնը` որոշում տալու ունակութիւնը (decision making):

Նոր էջ մը բանալու եւ խաղաղութեան չհիմնաւորուած երազներու քողին ետին պահուըտելով, Երեւանի ղեկը գրաւողները առանց նախապայմանի սեղան նստած են Թուրքիոյ հետ, որ սակայն յստակ նախապայմաններով ներկայացած է նոյն սեղանին` կարճ ու կտրուկ` «Ո՛չ Ցեղասպանութիւն, ո՛չ Արցախ» յանկերգներով:

Դժբախտաբար, անցեալ 34 տարիներուն առաւել կամ նուազ չափով թերացանք լիարժէք տէր կանգնելու Արցախեան շարժումով ստեղծուած հզօրութեան, իսկ 44-օրեայ պատերազմին` հող, զէնք, զինամթերք եւ կեանքեր ու… կամք կորսնցուցինք: Վարդանանց հերոսամարտի տօնի նախօրեակին, Թուր Կէծակին ոչ միայն պատեանին մէջ պահած ենք, այլ դիտմամբ կորսնցուցած ենք:

Կարելի՞ է այս դրութենէն դուրս գալ:

Անկասկա՛ծ: Կարելի է վերստին զարթնուլ եւ ճակատաբաց, ամենայն արժանապատուութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ վերակերտել, շարունակե՛լ 34 տարի առաջ սկիզբ առած Արցախեան շարժումը, որպէսզի անկէ անդին` սեւեռինք մեր դատի բոլոր հորիզոններուն:

Նախորդը

Արցախի Անկախութեան Տեսլականը` «Իրատեսական Քաղաքականութեան» Զոհ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ուրկէ ՞ Ո՛ւր Հասանք, Դէպի Ո՞ւր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.