Էմիրաթական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութեան ընթացքին առեւտուրի, ճարտարարուեստի, առողջապահութեան, բժշկագիտութեան, ցամաքային ու ծովային փոխադրութեան եւ կլիմայի վերաբերեալ 13 համաձայնութիւններ ստորագրուած են:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ պաշտպանութեան ոլորտին վերաբերեալ եւս համաձայնութիւն մը ստորագրուած է:
Էրտողան հանդիպում ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան իշխանին հետ, որ անցեալ նոյեմբերին այցելած էր Անգարա եւ միլիառաւոր տոլարի ներդրումային համաձայնութիւններ կնքած էր:
Էրտողան Ապու Տապի մեկնելէ առաջ Պոլսոյ «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը մեր ամբողջ շրջանին խաղաղութեան եւ կայունութեան համար մեծ կարեւորութիւն ունի», ըսաւ ան:
Էմիրաթական ՈՒԱՄ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Թուրքիան «Համապարփակ տնտեսական գործընկերութեան համաձայնագիր» կոչուող երկկողմանի առեւտուրի եւ ներդրումի համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու սկսելու շուրջ միացեալ յայտարարութիւն մը ստորագրած են:


