Արցախի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագօտիին մէջ թշնամիի զինուորները 15 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 4:15-ի շուրջ, խախտեցին զինադադարի պահպանման դրութիւնը, որուն պատճառով հրազէնի գնդակէն վիրաւորուեցաւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ժամկէտային զինուոր Խաչատուր Խաչատրեան:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ վիրաւոր զինուորին վիճակը կայուն ծանր է:
«Դէպքին առնչութեամբ անմիջապէս համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին, դէպքէն ետք նշեալ հատուածին մէջ կացութիւնը կայունացաւ:


