Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եկեղեցիս

February 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Քաթարի մէջ ապրելու դառն հետեւանքներէն մէկը այն է, որ եկեղեցի յաճախ չեմ այցելեր քանի մը պատճառներով: Նախ` քաղաքին կառոյցը այնպէս մըն է, որ կարծես դիտմամբ փորձ կը կատարուի քրիստոնեաները հեռացնելու իրենց կրօնէն: Քաղաքին մէջ ամէն քայլափոխիդ կայ մզկիթ մը, իսկ եկեղեցիները` բոլոր յարանուանութիւններուն պատկանող, կը գտնուին քաղաքէն բաւական հեռու, անապատին եթէ ճիշդ մէջտեղը չէ, ապա անոր շատ մօտ, այսպէս կոչուած` Religious Complex-ներու մէջ:

Երկրորդ պատճառը այն է, որ ուրբաթ օրով եկեղեցի այցելելը տակաւին ինծի համար անսովոր ու խորթ է: Վերջ ի վերջոյ միայն հայոց լեզուն է, որ ինծի մօտիկ կը զգացնէ Աստուծոյ: Նկատի ունենալով, որ հայկական եկեղեցի մը գոյութիւն չունի երկրին մէջ, քանի մը անգամ անգլերէնով եւ արաբերէնով մատուցուած ս. պատարագի մասնակցեցայ, բայց ինծի համար այդքան օտար էր, որ չքաջալերուեցայ անկեղծօրէն:

Հայկական շարականները, մեր լեզուով արտասանուած խորհրդաւոր Տէրունականը, մեր հայ համեստ վարդապետներուն անմիջական եւ հաղորդական քարոզը եկեղեցիէն դուրս ելած ատենս միշտ ալ իմ մէջս կը ձգէին այն տպաւորութիւնը, որ մենք` հայերս, Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն ենք: Փոքր տարիքէս գրեթէ ամէն կիրակի երբ կ՛այցելէի Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող Ս. Փրկիչ կամ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիները, աննկարագրելի հպարտութեամբ դուրս կու գայի. հպարտութիւն` քրիստոնեայ ըլլալուս, հայ ըլլալուս, հայկական մականուն ունենալուս, եւ չեմ գիտեր` ինչպէս իրարու հետ կապած եմ, բայց նաեւ` դաշնակցական ըլլալուս:

Նախորդ ամիսներուն նկատի ունենալով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով առիթը ունեցայ շաբթուան մէջ քանի մը օր տունէն աշխատելու, եկեղեցւոյ հետ կապ հաստատելու եւ մեր շարականները ըմբոշխնելու այլ տարբերակ մը գտած եմ, նման` իմ հին առօրեայիս: Կիրակի օրերը անպայմանօրէն տունէն կ՛աշխատիմ: Պէյրութի ժամով առտուան 11:00-ին կը միացնեմ «Վանայ ձայն»-ի էփլիքէյշընը տան բարձրախօսներուն: Ներքին գոհունակութեամբ մը տնեցիներուն կ՛ըսեմ. «Ասիկա Քաթարի լաւագոյն տեղն է աղօթելու»: Չմոռնամ ըսելու, որ Էջմիածինէն բերած խունկս եւ մանաւանդ հայկական խնկամանը շատ մեծ դեր կը խաղան հարազատ եւ իսկական մթնոլորտը ստեղծելու համար:

Գերիշխող խունկին հոտը, ծնծղաներուն ձայնը եւ ս. պատարագին սրբութիւնը բաւարար կ՛ըլլան զիս ուղղակի փոխադրելու Պուրճ Համուտի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցի, ուր հայրս եւ ես միշտ կ՛այցելէինք ոչ թէ ուշ անցեալին, երբ տակաւին երեխայ մըն էի, պատմութիւններէ բխած դրուագներուն պէս, ո՛չ, այլ մինչեւ երեք տարի առաջ, երբ Լիբանանէն փոխադրուեցայ Քաթար: Եկեղեցւոյ բակին մէջ բարեկամներու հետ զրուցելէն ետք հայրս զիս կ՛առաջնորդէր ներս, ուր մոմ վառելնէս ետք մեր առաջին գործը կ՛ըլլար փնտռել Յովսէփ տէտէն, որ ոչ մէկ շաբաթ բացակայ կ՛ըլլար ս. պատարագէն: Շաբթուան իր առօրեայէն տարբեր, միշտ մաքուր հագած, ամէնէն առջեւը, բայց ձախ կողմը նստած կ՛ըլլար, քովն ալ` միշտ երկու-երեք ազատ տեղ ձգած, որպէսզի յանկարծ եթէ իր ծանօթներէն մէկը գար, հոն տեղաւորուէր: Պապան եւ ես միշտ կը զարմանայինք, որ իր տարիքին մէկը, որ ծունկի բարդ ցաւերէ կը տառապէր, ինչո՛ւ ինքզինք կը յոգնեցնէր եւ ճամբան, որ տասը վայրկեան հեռու է իր տունէն, բայց եւ այնպէս իրեն համար բաւական երկար ժամանակ կ՛առնէր, ան կամաց-կամաց առանձին եւ յամառութեամբ ամէն շաբաթ կը կտրէր եկեղեցի երթալու համար:

Յանկարծ հեռաձայնս կը հնչէ, գործատեղիէն է: Միտքս ակամայ աղօթատեղիէս կը փոխադրեն դէպի քարիւղի նաւահանգիստ, ուր վարկեաններ զրուցելէ եւ երկար վիճաբանելէ ետք կը վերադառնամ հոն, ուր որ էի: Բայց այս անգամ դաժան իրականութեան դիմաց` երգը անջատուած, ս. պատարագը վերջացած, խունկն ալ` մարած: Եւ աւելի՛ն. կը սթափիմ, որ մեծ հայրիկս մահացած է արդէն մօտ մէկ տարի առաջ, հայրս ճամբորդած` օտար երկիր: Ջղային եւ նեղուած` կ՛անցնիմ գործիս: Քանի մը վայրկեան չանցած` միտք մը զիս կը հանգստացնէ` «Վանայ ձայն»-ը գոնէ նոյն տեղն է` կ՛ըսեմ, նոյն ալիքին վրայ: Յառաջիկայ շաբաթ կրկին կը միացնեմ, այս բոլորը դարձեալ կը վերադառնան: Ուրախ եւ գոհունակ` աշխատանքային շաբաթիս կ՛անցնիմ:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Աշխարհը Եւ Մենք- Բ. (*) Ուքրանիոյ Շուրջ Կիսաթափանց Գիծեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.