Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցախոյզը Ցոյց Կու Տայ, Որ Մեծ Թիւով Հայեր Կը Զգան Իրենց Երկրին Սխալ Ընթացքը

February 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ուաշինկթընի Միջազգային հանրապետական հիմնարկը 22 նոյեմբերէն 5 դեկտեմբեր 2021, կատարած է հանրային կարծիքի հարցախոյզ մը, որով գնահատուած է Հայաստանի բնակչութեան տեսակէտները` քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովութեան հարցերու մասին: Հետազօտութիւնը նիւթապէս հովանաւորած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը:

Հետազօտութեան հիմնական բացայայտումը այն է, որ բնակչութեան 46 տոկոսը կը կարծէ` «Հայաստան կ՛ընթանայ սխալ ուղղութեամբ», մինչդեռ միայն 34 տոկոսն է, որ կը կարծէ, թէ երկիրը կ՛ընթանայ «ճիշդ ուղղութեամբ»: Ասիկա վկայութիւն է այն մասին, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յաճախակի պարծենալը, թէ` ինք կը վայելէ «ժողովուրդին մանտաթ»-ը, երբե՛ք ճիշդ չէ: Ասիկա զգալի տեղաշարժ է` բաղդատած 20 յունիս 2021-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին վարչապետի կուսակցութեան ստացած ձայներու 54 տոկոսին հետ: Աւելի կարեւորը` թիւը անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ Հայաստան սխալ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ, 21 մայիս 2021-էն մինչեւ նոյն տարուան յուլիս, 20 տոկոսէն բարձրացած է 34 տոկոսի, իսկ դեկտեմբեր 2021-ին` 46 տոկոսի:

Այսուամենայնիւ, մէկ այլ կարեւոր հարցումի, թէ` «Կը հաւատա՞ք, որ դուք եւ ձեզի պէս մարդիկ կրնան ազդել մեր երկրի որոշումներուն վրայ», 66 տոկոսը պատասխանած է` այո՛, իսկ 33 տոկոսը` ո՛չ: Պարզ է, որ ասիկա դրական ցուցանիշ է իշխանութիւններուն համար:

Յաջորդ հարցումին համար` «Դուք բաւարարուա՞ծ էք մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման ընթացքով», երկիրը գրեթէ հաւասարապէս բաժնուած է` 51 տոկոս այո եւ 47 տոկոս` ոչ:

Այն հարցումին, թէ` «Ըստ ձեզի, մեր երկիրը կը կառավարուի մարդոց մեծամասնութեա՞ն, թէ՞ որոշ խումբերու շահերէն մեկնած», 61 տոկոսը ըսած է, որ անիկա կը կառավարուի «որոշ խումբեր»-ու շահերուն հիմամբ, մինչդեռ միայն 31 տոկոսը ըսած է, որ կը կառավարուի «մեծամասնութեան» շահերէն մեկնած: Ասիկա բացասականօրէն կ՛անդրադառնայ ներկայ իշխանութեան վրայ:

Դրական կողմը այն է, որ հարցադրուածներուն 66 տոկոսը ըսած է, որ` «չի վախնար իր կարծիքը բացայայտ արտայայտելէ», մինչդեռ 31 տոկոսը ըսած է, որ կը վախնայ նման բան ընելէ:

Այն հարցումին, թէ` «Դուք որքանո՞վ բաւարարուած էք հետեւեալ պետական մարմիններու աշխատանքով», ամենաբարձր հաւանութեան արժանացած է Փաշինեանի կառավարութիւնը յաճախակի քննադատող Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի (յանձնակատարի) գրասենեակը (68 տոկոս` գոհ եւ 25 տոկոս` դժգոհ). ոստիկանութիւն (68 տոկոս` ընդդէմ 29 տոկոսի), տեղական ինքնակառավարման մարմիններ (63 տոկոս` ընդդէմ 33 տոկոսի). զինուած ուժեր (58 տոկոս` ընդդէմ 37 տոկոսի). Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով (57 տոկոս` ընդդէմ 33 տոկոսի) եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն (50 տոկոս` ընդդէմ 41 տոկոսի): Վարչապետին գրասենեակը գրաւած է 7-րդ դիրքը` 49 տոկոս գոհ եւ 48 տոկոս դժգոհ: Հայաստանի խորհրդարանը` 16-րդ դիրքը` 31 տոկոս բաւարարուած եւ ահռելի` 67 տոկոս դժգոհ: Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ խորհրդարանի հեռարձակուող նիստերուն յաճախ կը ցուցադրուին գոռգոռոցներու, վիրաւորանքներու եւ ֆիզիքական բռնութեան տեսարաններ, որոնք կ՛աւարտին վարչապետին կուսակցութիւնը ներկայացնող խորհրդարանի ղեկավարութեան կտրուկ հրամաններով` անջատել հեռատեսիլային տեսախցիկները` քողարկելու համար կռուազան խորհրդարանականներու անկարգութիւնները:

Անդրադառնալով արտաքին քաղաքական հարցերուն` հարցապնդուածները Հայաստանի հետ լաւագոյն յարաբերութիւններ ունեցող Ֆրանսան 92 տոկսով դասած են առաջին դիրքի վրայ: Ասոր կը հետեւին` Իրան (80 տոկոս), Միացեալ Նահանգներ (77 տոկոս), Չինաստան (75 տոկոս), Եւրոմիութիւն (69 տոկոս), Ռուսիա (64 տոկոս), Վրաստան (58 տոկոս) Մեծն Բրիտանիա (47 տոկոս), այլ (10 տոկոս), Թուրքիա (5 տոկոս) եւ ամէնէն վերջը` Ազրպէյճան` 3 տոկոս:

«Ո՞ր երկու երկիրները կը նկատէք Հայաստանի համար աւելի կարեւոր քաղաքական գործընկերներ» հարցումին պատասխանած են` Ռուսիա (57 տոկոս), Ֆրանսա (50 տոկոս), ԱՄՆ (38 տոկոս), Իրան (23 տոկոս), Եւրոմիութիւն (5 տոկոս), Չինաստան (5 տոկոս), Վրաստան (3 տոկոս) եւ Հնդկաստան (1 տոկոս):

Ի պատասխան` «Ո՞ր երկու երկիրները կը նկատէք աւելի կարեւոր տնտեսական գործընկերներ Հայաստանի համար» հարցումին, Ռուսիա, կրկին, 61 տոկոսով առաջին դիրքը կը գրաւէ, ապա` Իրան (40 տոկոս), Չինաստան (29 տոկոս), ԱՄՆ (16 տոկոս), Ֆրանսա (14 տոկոս), Վրաստան (8 տոկոս), Եւրոմիութիւն (7 տոկոս), Հնդկաստան (2 տոկոս) եւ Թուրքիա (2 տոկոս):

«Ո՞ր երկու երկիրները կը համարէք ապահովութեան ոլորտի աւելի կարեւոր գործընկերներ Հայաստանի համար» հարցումին պատասխանած են` Ռուսիա (64 տոկոս), Ֆրանսա (32 տոկոս), Իրան (31 տոկոս), ԱՄՆ (26 տոկոս), Եւրոմիութիւն (5 տոկոս), Չինաստան (4 տոկոս), Վրաստան (2 տոկոս) եւ Հնդկաստան (1 տոկոս):

«Ո՞ր երկու երկիրները կը ներկայացնեն ամէնէն մեծ քաղաքական սպառնալիքը Հայաստանի համար» հարցումին հետազօտութեան մասնակիցները ըսած են` Թուրքիա (90 տոկոս), Ազրպէյճան (77 տոկոս), Ռուսիա (15 տոկոս), Մեծն Բրիտանիա (3 տոկոս), Իսրայէլ (2 տոկոս), ԱՄՆ (2 տոկոս) եւ Վրաստան (1 տոկոս):

«Ո՞ր երկու երկիրները կը ներկայացնեն ամէնէն մեծ տնտեսական սպառնալիքը Հայաստանի համար» հարցումին, հետազօտութեան մասնակիցները ըսած են` Թուրքիա (68 տոկոս), Ազրպէյճան (52 տոկոս), Ռուսիա (17 տոկոս), Վրաստան (10 տոկոս), Իրան (4 տոկոս), ԱՄՆ (1 տոկոս), Չինաստան (1 տոկոս) եւ Եւրոմիութիւն (1 տոկոս):

«Ո՞ր երկու երկիրները կը ներկայացնեն ապահովութեան ամէնէն մեծ սպառնալիքը Հայաստանի համար»: Այս հարցումի մասնակիցները ըսած են` Թուրքիա (88 տոկոս), Ազրպէյճան (81 տոկոս), Ռուսիա (11 տոկոս), Իրան (2 տոկոս), ԱՄՆ (2 տոկոս), Իսրայէլ (2 տոկոս), Վրաստան (1 տոկոս), Ֆրանսա (1 տոկոս) եւ Մեծն Բրիտանիա (1 տոկոս):

«Ո՞ր երկու երկիրներուն հետ պէտք է բարելաւել յարաբերութիւնները Հայաստանի զարգացման համար» հարցումին հետազօտութեան մասնակիցները ըսած են` Ռուսիա (53 տոկոս), ԱՄՆ (35 տոկոս), Իրան (29 տոկոս), Ֆրանսա (25 տոկոս), Չինաստան (15 տոկոս), Եւրոմիութիւն (9 տոկոս), Վրաստան (7 տոկոս), Թուրքիա (5 տոկոս), Ազրպէյճան (4 տոկոս), Հնդկաստան (1 տոկոս) եւ Մեծն Բրիտանիա (1 տոկոս):

Հետազօտութեան յաջորդ հարցումն էր, թէ արդեօք հարցապնդուողները համաձա՞յն են հետեւեալ երեք հարցումներուն, թէ՞ ո՛չ.

1) 73 տոկոսը համաձայն է, իսկ 25 տոկոսը համաձայն չէ, որ «Հայաստան պէտք է երկխօսութիւն սկսի Թուրքիոյ հետ եւ կարգաւորէ երկկողմանի յարաբերութիւնները` առաջ քաշելով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հետագայ ճանաչման օրակարգը»:

2) 70 տոկոսը համաձայն է, իսկ 27 տոկոսը համաձայն չէ, որ` «Հայաստան պէտք է յարաբերութիւններ հաստատէ Թուրքիոյ հետ` առաջ քաշելով իր նախապայմանները, ինչպիսին է, օրինակ, Թուրքիոյ` Արցախի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին չխոչընդոտելը»:

3) 44 տոկոսը համաձայն է, իսկ 53 տոկոսը համաձայն չէ, որ` «Հայաստան ոչ մէկ պարագայի պէտք է ձգտի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման»:

Մասնակիցներուն մեծ մասը համաձայն չէ Փաշինեանի այն կարծիքին, թէ Ազրպէյճանի հետ ճամբաներու բացումը ձեռնտու է Հայաստանին: Հարցումին, թէ` «Ինչպէ՞ս կ՛ազդէ Հայաստանի տնտեսական զարգացման վրայ երթուղային ուղիներու բացումը Ազրպէյճանի հետ», դրական պատասխան տուած է 27 տոկոսը, իսկ բացասական` 59 տոկոսը:

Նոյնը կը վերաբերի Թուրքիոյ: Այն հարցումին, թէ` «Ինչպէ՞ս կ՛ազդէ Հայաստանի տնտեսական զարգացման վրայ երթուղային ուղիներու բացումը Թուրքիոյ հետ», 35 տոկոսը դրական պատասխան տուած է, իսկ 53 տոկոսը` բացասական:

Այն հարցումին, թէ` «Հայաստանի ապագային համար որքանո՞վ կարեւոր է յառաջիկայ 10 տարուան մէջ արցախեան հիմնահարցի լուծումը», ճնշող մեծամասնութիւնը` 96 տոկոս, պատասխանած է «կարեւոր է», իսկ 3 տոկոսը` «կարեւոր չէ»:

Հետազօտութեան հետեւեալ հարցումին` «Արցախեան հիմնահարցի լուծման ընդունելի տարբերակը ի՞նչ է»`

– 35 տոկոսը պատասխանած է. «Արցախի ճանաչումը` որպէս անկախ պետութիւն»:

– 34 տոկոսը` «Արցախի միացումը Հայաստանին` որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան մարզ»:

– 16 տոկոսը` «Արցախի` ինքնավար շրջանի կարգավիճակի հաստատումը Հայաստանի կազմին մէ»ջ:

– 11 տոկոսը` «Արցախի կարգավիճակի հաստատումը Ռուսիոյ կազմին մէջ»:

– 1 տոկոսը` «Ներկայ կարգավիճակի պահպանումը»:

Իսկ այդ հարցումին, թէ` «Արդեօք Հայաստան կրնա՞յ ինքնուրոյն պաշտպանել Ազրպէյճանի հետ իր սահմանները` առանց որեւէ այլ երկրի օգնութեան», 46 տոկոսը ըսած է` այո, 53 տոկոսը` ոչ:

Ի վերջոյ, այն հարցումին, թէ` «Ո՞ր երկիրը կը փափաքէիք, որ օգնէր Հայաստանին` իր սահմանները պաշտպանելու գործին մէջ», 47 տոկոսը ըսած է Ռուսիա, 18 տոկոսը` ԱՄՆ, 14 տոկոսը` Ֆրանսա, 8 տոկոսը` Իրան, 2 տոկոսը` Չինաստան, 1 տոկոսը` Եւրոմիութիւն, 1 տոկոսը` Մինսքի խումբի երեք երկիրները` Ռուսիա, ԱՄՆ, Ֆրանսա, իսկ 1 տոկոսը` ՆԱԹՕ-ն:

Համաձայն ըլլանք թէ ոչ, ասոնք հայաստանցիներու պատասխաններն են եւ կը ցոլացնեն անոնց ներկայ մտածելակերպը:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Տիկին Սեդա Բագրատունի-Գուրույեանի Մահուան Առիթով Փոխան Ծաղկեպսակի Կատարուած Նուիրատուութիւններ` Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմինին-«Կամք»

Յաջորդը

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Խստիւ Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Կողմէ Կիրառուած Մշակութային Ցեղասպանութիւնը Հայ Ժողովուրդին Նկատմամբ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.