Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի տղոց 24-րդ ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, երէկ կատարեց իր երկրորդ մրցումը` այս անգամ մրցելով Ալճերիոյ դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ մայրիներու կազմին յաղթանակով` 83-66 արդիւնքով:
Նկատի ունենալով, որ Բ. խմբակին մաս կը կազմեն երեք խումբեր, Լիբանան իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն շնորհիւ գրաւեց խմբակին պարագլուխի դիրքը` բաւական հանգիստ ձեւով ապահովելով յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Նշենք, որ այս մրցումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի:


