Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտընի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Սէուտական Արաբիան Եմէնի Մէջ Քաղաքական Համապարփակ Լուծման Կ՛ուզէ Հասնիլ» Կ՛ըսէ Սալման Թագաւորը

February 11, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ անոր հետ քննարկած երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական յարաբերութիւններն ու Միջին Արեւելքի մէջ զարգացումները, ներառեալ Իրանի եւ Եմէնի հարցերը: Այս մասին հաղորդեց սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը:

Անոնք կարեւոր նկատած են երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութիւնը ամրապնդելը, ինչ որ կը ծառայէ երկու երկիրներուն հասարակաց շահերուն եւ շրջանի եւ աշխարհի մէջ անվտանգութիւն ու կայունութիւն կը հաստատէ:

Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը շեշտած է երկու կողմերուն միջեւ ահաբեկչութեան ու անոր ֆինանսաւորման դէմ պայքարին մէջ ապահովական գործակցութեան շարունակութիւնն ու ամրապնդումը` գնահատելով Պայտընի արտայայտած` «թագաւորութեան իր հողերն ու քաղաքացիները պաշտպանելուն աջակցութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը»:

Սալման թագաւորը յայտնած է, որ իր երկիրը կը զօրակցի Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք բերելը կանխարգիլելու ամերիկեան վարչակազմի ջանքերուն` աւելցնելով, որ պէտք է «միասնաբար աշխատիլ դիմակայելու համար շրջանին մէջ Իրանի թեւերուն քանդիչ գործունէութիւնը»:

Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը Պայտընին յայտնած է «Սէուտական Արաբիոյ` շրջանին մէջ մագլցումի բոլոր պատճառները վերացնելու եւ երկխօսութիւնը շարունակելու նախանձախնդրութիւնը»:

Անդրադառնալով Եմէնի հարցին` Սալման թագաւորը ըսած է, որ իր երկիրը կը փափաքի «քաղաքական համապարփակ լուծումի հասնիլ, եւ եմէնցի ժողովուրդին անվտանգութեան եւ բարգաւաճման ապահովման կը ձգտի»:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (10 Փետրուար 2022)

Յաջորդը

Ռուսիան Եւ Պիելոռուսիան Սկսան «Միութենական Վճռականութիւն» Միացեալ Ռազմափորձերը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.