Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարեւոր Է Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Աւարտել Պահուող Անձերու Փոխանակումը` Բոլորը Բոլորին Դիմաց Սկզբունքով» Կ՛ըսէ Զախարովա

February 11, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա չորեքշաբթի օր ընդգծեց բոլոր գերիները վերադարձնելու կարեւորութիւնը եւ նշեց, որ Ռուսիան այդ ուղղութեամբ ամէն ինչ կ՛ընէ:

«Մենք կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի կողմէ 8 հայ զինուորի փոխանցումը հայկական կողմին, եւ, ի հարկէ, կարեւոր է կարելի եղածին չափ շուտ լուծել այդ վիճայարոյց հարցը հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ, աւարտել պահուող անձերուն փոխանակումը` բոլորը բոլորին դիմաց սկզբունքով», ըսաւ Զախարովան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ան յիշեցուց, որ 2 դեկտեմբեր 2020-ին ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ` ընդհանուր առմամբ, վերադարձուած է 146 մարդ` 127-ը հայկական կողմին, 19-ը ազրպէյճանական կողմին:

«Կարեւոր կը նկատենք զուգահեռ ջանքերու գործադրումը` ուղղուած անհետ կորսուածներու ճակատագիրը յստակացնելուն, եւ պիտի աջակցինք ատոր թէ՛ ազգային մակարդակի վրայ, թէ՛ ալ իբրեւ համանախագահ», աւելցուցած է դիւանագէտը:

Զախարովա նշեց. «Ռուսիան իր կողմէ ըրած է, կ՛ընէ եւ պիտի ընէ ամէն ինչ` պահուող անձերը վերադարձնելու հարցին մէջ»:

«Այդ հարցը առաջնահերթ է: Մենք կը հասկնանք հարցին էութիւնն ու առաջնահերթութիւնը», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով Արցախի` Պաքուի կողմէ գրաւուած հատուածին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման` դիւանագէտը նշեց, որ այդ հարցով եւս կանոնաւոր կերպով կապ կը պահուի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ: «Եւ մենք կողմնակից ենք շրջանին մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան շուտափոյթ մեկնարկին», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

 

Նախորդը

«Հայ Երեսփոխանը Ունի Երկու Պաշտօն` Ներկայացնել Լիբանանցիները Եւ Պաշտպանել Լիբանանահայութեան Իրաւունքները» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

«Թուրքիան Կ՛ուզէ Հանդիպումներ Ունենալ Անգարայի Եւ Երեւանի Մէջ, Սակայն Հայկական Կողմը Ընտրած Է Երրորդ Երկիրը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.