Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց:
Ցոյցին ընթացքին անոնք փակեցին դատարանին կարգ մը մուտքերը, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոնց եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ հրմշտուքի:
«Դէպի արդարութիւն» խորագիրը կրող ցոյցին մասնակիցները կը կրէին լիբանանեան դրօշներ եւ իրենց զոհուած հարազատներուն լուսանկարները:
Զոհերուն ընտանիքները պահանջեցին վերջ տալ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը արգելակելու հոլովոյթին եւ զօրակցութիւն յայտնեցին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարին` պահանջելով անոր դէմ յարուցուած դատերը յետս կոչել, որպէսզի ան կարենայ շարունակել հետաքննութիւնը:
Անոնք դատաւոր Ռուլա Նասրիէն պահանջեցին չերկարել այս թղթածրարին վճռահատումը:


