Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոմանք Լուսին Հասան, Ուրիշներ Տակաւին…

February 11, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

21-րդ «զարգացած» դար, զարգացածը չակերտներու մէջ առի, որովհետեւ իւրաքանչիւր դարու եւ իր ժամանակահատուածին մէջ ապրող մարդուն համար իր դարը ամէնէն զարգացածն էր, է եւ պիտի ըլլայ: Մարդ անհատը, այնքան ատեն, որ կը շնչէ ու կը գործէ, ուրեմն կը զարգանայ եւ կրնայ նորանոր նուաճումներ արձանագրել իր ապրած դարու պատմութեան գիրքին մէջ:

Մենք բոլորս մեր ձեռքերուն մէջ ունինք ճերմակ էջերէ բաղկացած գիրք մը, որուն մէջ մեր իւրաքանչիւր վայրկեանի կատարած արարքը կ՛արձանագրուի: Ոմանց գիրքը քիչ էջերէ կը բաղկանայ, իսկ ոմանցը` շատ: Այդ գիրքին վերնագիրն է` «Ի՞նչ ըրիր»: Այդ գիրքը պատասխանատուութիւն պահանջո՛ղ գիրքն է, քու ինքնութիւնդ կազմո՛ղ գիրքն է, քու անձիդ մասին վկայո՛ղ գիրքն է:

«Ի՞նչ ըրիր»: Այս հարցումը ամէն գիշեր խղճի ձայնդ քեզի կը հարցնէ: Իւրաքանչիւր գիշեր քնանալէ առաջ միտքդ, հոգիդ, սիրտդ, խիղճդ քեզի կը հարցնեն` «Ի՞նչ ըրիր»: Ուզես թէ ոչ, պատասխան մը պիտի տաս, դրական թէ բացասական, բայց չկայ փախուստ, պատասխան պիտի տաս, եւ ատիկա պիտի գրուի գիրքին մէջ: Օր մըն ալ այդ գիրքով պիտի ճանչցուիս: Եւ պատմութիւնը կա՛մ պիտի ուզէ յիշել քեզ եւ կա՛մ պիտի ամչնայ քեզմէ… Մարդոց կողմէ կամ պիտի մեծարուիս եւ կամ նոյնիսկ յիշուելու արժանի պիտի չըլլաս: Քու ձեռքդ է: Ուրեմն մտածէ՛, թէ ի՛նչ կ՛ընես:

Մարդիկ ամէն օր զարգացումի ետեւէ կը վազեն` հասնելու հոն, ուր պէտք է ըլլան: Մարդիկ կը վազեն օրուան պահանջներու ետեւէ, որպէսզի  չխեղճանան, երբ իրենք զիրենք մէկ դար ետեւ գտնեն… Մարդիկ կը վազեն, որպէսզի տեղքայլի մէջ չմնան: Պօղոս առաքեալ շատ գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ վազքի կարեւորութիւնը` ըսելով. «Կեանքի պատգամը ամուր պահելով, ինչ որ իմ պարծանքս պիտի ըլլայ Քրիստոսի դատաստանին օրը, թէ զուր տեղը չվազեցի եւ զուր տեղը չաշխատեցայ» (Փիլիպպեցիս 2.16):

Ինչի՞ ետեւէ կը վազենք: Մարդիկ այնքան վազեցին, որ նոյնիսկ լուսին հասան: Անոնք հասան, որովհետեւ իրենց բազուկներուն վստահեցան: Անոնք առօրեայ մանրուքներու ետեւէ չվազեցին: Անոնք մարդոց ըսի-ըսաւներու ետեւէ ալ չվազեցին: Ո՛չ ալ մարդոց ինչ ըրաւ-չըրաւի ետեւէ վազեցին: Այսօր շատերու կեանքի նպատակն է մարդոց ետեւէ, մարդոց հաճելի դառնալու ետեւէ վազելը, սակայն գիտէ՞ք ինչ, անոնք կը կարծեն, թէ կը վազեն եւ, այո՛, կը վազեն, բայց` դէպի ետեւ, դէպի տգիտութիւն:

Մարդիկ լուսին հասան, ուրիշներ տակաւին նստած` մարդորսութեամբ կը զբաղին: Աւելի յստակ ըսելու համար, մարդիկ լուսին հասան իրենց ճիգերով, իսկ ուրիշներ տակաւին մնացին նոյն տեղը, որովհետեւ կարծեցին ուրիշը ձգելով` իրենք պիտի կարողանան վազել… սակայն կեանքը միասին վազել կը պահանջէ, կեանքը միութի՛ւն կը պահանջէ: Այլեւս հինցած ու մաշած է ուրիշին հաշուոյն «զարգացած» երեւնալը: Պատմութեան գիրքը կը մերկացնէ քեզ, այնքան կը մերկացնէ, որ յիշուելու իսկ արժանի չես ըլլար: Մտածէ՛, եւ` լրջօրէն:

– Ի՞նչ պիտի ընես այսօր:

– Վազել այնքան հաստատակամ, «որպէսզի չըլլայ որ ես ինքս մրցանակէն զրկուիմ, ես, որ ուրիշներուն կը քարոզեմ» (Ա.Կորնթացիս 9.27):

Անթիլիաս, 4 փետրուար 2022

 

Նախորդը

Հնչեց Եոնշոփինկի Ամանորեայ Տպաւորիչ Համերգը

Յաջորդը

Մանրապատումներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.