ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6351 վարակուածներ եւ մահացած 19 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 21.250 լ. ոսկիի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 10 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այն Թինէի մէջ:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին մէջ քինախնդրութիւն չկայ` աւելցնելով, որ նախորդ երկու շաբաթներուն ընթացքին քննարկումները շինիչ եղած են: Պայրամ հաստատեց, որ 2022-ի պետական ամավարկը վաւերացնելէ անմիջապէս ետք կառավարութիւնը ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը պիտի հրաւիրէ ժողովի` ճշդելու համար ամսական նուազագոյն աշխատավարձը եւ վերատեսութեան ենթարկելու նախապէս առաջարկուած թիւերը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլը, որմէ ստացաւ Պերլինի մէջ մարտ ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք ուժանիւթի խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւէր մը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Պու Հապիպի Քուէյթ կատարած այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պաղտատի մէջ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի Սնունդի եւ երկրագործութեան միջազգային կազմակերպութեան 36-րդ շրջանային խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ, Սուրիոյ երկրագործութեան նախարար Մոհամետ Հասան Քաթնա լիբանանցի իր պաշտօնակիցին յայտնած է, թէ սուրիական կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է իր ներածած լիբանանեան պանանի քանակը բարձրացնել 50 հազար թոնի:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նասեր Եասին յայտնեց, որ հինգշաբթի, 10 փետրուարին գումարուելիք կառավարութեան նիստին ընթացքին 2022-ի պետական ամավարկը պիտի քննարկուի` աւելցնելով, որ տիրող մթնոլորտը դրական է: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ սղաճի համեմատութիւնը 1000 առ հարիւր է:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ հաստատեց, որ իրենք կ՛ուղղուին 2022-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու` հինգշաբթի օրուան նիստին ընթացքին:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց. «Պէյրութի երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով դերակատարութիւն մը ունենալուս մասին «Ախպար» օրաթերթին լուրերը շինծու են եւ սուտ, հետեւաբար օրաթերթին դէմ դատական հարց պիտի յարուցեմ»:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը:


