– Ձեր Սննդակարգին Մէջ Աւելի Շատ Չափաքանակներով Հատապտուղներ Եւ Կարմիր Գինի Ունենալը Կրնայ Դանդաղեցնել Փարքինսընի Հիւանդութիւնը
– Թենիսի Արմուկ (Tennis Elbow)
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Ձեր Սննդակարգին Մէջ Աւելի Շատ Չափաքանակներով Հատապտուղներ
Եւ Կարմիր Գինի Ունենալը Կրնայ Դանդաղեցնել Փարքինսընի Հիւանդութիւնը
Կարմիր գինին կրնայ մեղաւոր հաճոյք մը ըլլալ, սակայն նոր հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ այն կրնայ նաեւ ուժեղ զէնք մը ըլլալ փարքինսընի հիւանդութեան գործելիք աւերներուն դէմ:
Ինչո՞ւ. «Կարմիր գինիի եւ կարգ մը պտուղներու (հատապտուղները (berries)) հակաօքսիտանթները (antioxidants), կրնան դանդաղեցնել շարժումի խանգարման յառաջընթացը», ցոյց տուած է նոր ուսումնասիրութիւնը:
Ըստ հետազօտողներու, փարքինսընի հիւանդութենէ տառապող մարդիկ, որոնք կ՛ուտեն շաբաթական երեք կամ աւելի չափաբաժիններ հակաօքսիտանթներով հարուստ մթերքներ, որոնք կը կոչուին ֆլաւոնոյիտներ (flavonoids), կրնան նուազեցնել կանուխ մահանալու հաւանականութիւնը` համեմատած այն մարդոց հետ, որոնք այդքան շատ ֆլաւոնոյիտներով հարուստ սնունդ չեն ուտեր:
«Ֆլաւոնոյիտները բուսական ծագում ունեցող սննդային բաղադրիչներ են, որոնք առատ կ՛ըլլան պտուղներու եւ բանջարեղէններու մէջ: Անոնք տարբեր գոյներ կու տան այս բոյսերուն», ըսած է Փենսիլվանիւյ պետական համալսարանի սննդային համաճարակաբանական տարրալուծարանի տնօրէն, աւագ հետազօտող դոկտոր Սիան Կաօ:
«Հետեւիլը առողջ սննդակարգի մը, որ հարուստ է գունաւոր պտուղներով եւ բանջարեղէններով, նոյնիսկ` փարքինսընի ախտորոշումէն ետք, կրնայ դանդաղեցնել հիւանդութեան յառաջընթացը եւ բարելաւել գոյատեւման տոկոսաւորումը (survival rate)», աւելցուց ան:
Այնուամենայնիւ, հետազօտութիւնը չի կրնար ապացուցել, որ ֆլաւոնոյիտները կ՛երկարացնեն փարքինսընի հիւանդութիւն ունեցող մարդոց կեանքը, սակայն կապ մը թերեւս կրնայ ըլլալ երկուքի միջեւ, ըսաւ Կաօ:
«Մեր նախորդ ուսումնասիրութեան մէջ, որ հրապարակուած է «Ներոլոժի»-ի մէջ 2012 թուականին, մենք պարզած ենք, որ ֆլաւոնոյիտները կրնան ապագային կանխել փարքինսընի վտանգը այն մարդոց մօտ, որոնք փարքինսըն չեն ունեցած նախքան զիրենք վերահսկելը,- ըսաւ Կաօ, ապա աւելցուց.- ընթացիկ ուսումնասիրութիւնը լրացուցիչ ապացոյցներ կու տայ պտուղի եւ բանջարեղէնի ջղապաշտպանիչ (neuro-protective) ազդեցութեան մասին»:
Որոշ պտուղներու, թէյերու եւ կարմիր գինիի մէջ յայտնաբերուած ֆլաւոնոյիտները կրնան արագ անցնիլ արեան ուղեղի պատնէշը (Blood-brain barrier) եւ թեթեւցնել ուղեղի օքսիտացումի ճնշումը (oxidative stress), բորբոքումն ու աթերոսկլերոզը (atherosclerosis): Բան մը, որ կրնայ նուազեցնել փարքինսընի ազդեցութիւնը, ըսած են գիտնականները:
Հետազօտութեան համար Կաօ եւ անոր գործընկերները տուեալներ հաւաքած են փարքինսընի հիւանդութենէ տառապող աւելի քան 1200 մարդոց մասին, որոնց միջին տարիքը 72 տարեկան է, եւ այդ վիճակը ունենալուն միջին տեւողութիւնը` 33 տարի: Չորս տարի անգամ մը հիւանդները կը պատասխանէին իրենց սննդակարգին վերաբերեալ հարցումներուն: Մասնաւորապէս անոնց հարցուցած են, թէ որքան յաճախ անոնք կը սպառեն` թէյ, խնձոր, հատապտուղներ, նարինջ եւ նարինջի հիւթ:
Հետազօտութեան ընթացքին հիւանդներու 75%-ը մահացած է: Անոնցմէ 513-ը մահացած է փարքինսընի հիւանդութենէն, 112-ը` սիրտ-անօթային հիւանդութիւններէն, իսկ 69-ը` քաղցկեղէն:
Գիտնականները պարզած են, որ անոնք, որոնց սննդակարգը կը ներառէր ամենաշատ ֆլաւոնոյիտները, գոյատեւելու 70%-ով աւելի շատ հաւանականութիւն ունին` համեմատած այն մարդոց հետ, որոնց սննդակարգը կը պարունակէր ամենաքիչ քանակութեամբ ֆլաւոնոյիտներ:
Ֆլաւոնոյիտներու առաւելագոյն սպառումը կը կազմէր օրական մօտ 673 միլլիկրամ (մկ), իսկ ամենաքիչը` մօտ 134 մկ օրական: Որպէս պատկերացում` ելակը կը պարունակէ մօտ 180 մկ ֆլաւոնոյիտներ 100 կրամ չափաբաժինի համար, իսկ խնձորը` մօտ 113:
Ինչ կը վերաբերի այն մթերքներուն, որոնք «ամենալաւն» են, հետազօտողները պարզած են, որ կարմիր գինիի եւ հատապտուղներու մէջ պարունակուող անթոսիանին նիւթը օգտագործողները միջին հաշուով 66%-ով աւելի շատ ապրած են, քան անոնք, որոնք օգտագործած են անթոսիանիններու նուազագոյն քանակութիւնը:
Խնձորի, թէյի եւ գինիի մէջ յատնաբերուած ֆլաւոնոյիտներ ամենաշատ օգտագործողները 69%-ով աւելի կը գոյատեւէին, քան անոնք, որոնք ամենաքիչ քանակութեամբ կ՛օգտագործէին:
«Թէեւ յստակ չէ, թէ ինչպէ՛ս ֆլաւոնոյիտները կը բարելաւեն փարքինսընի ընթացքը, սակայն սննդակարգի մէջ հատապտուղներ, խնձոր, նարինջ եւ թէյ աւելցնելը կրնայ դիւրին եւ թեթեւ վտանգ ունեցող միջոց մը ըլլալ արդիւնքները բարելաւելու համար», ըսաւ Կաօ: Ան, սակայն, խորհուրդ չի տար ալքոլ չօգտագործողներուն խմելու սովորութիւն մը սկսիլ, բայց անոնք, որոնք կ՛օգտագործեն, թերեւս կը փափաքին իրենց նախասիրութիւնը դարձնել գինին:
Զեկոյցը առցանց հրապարակուած է յունուար 26-ին` «Ներոլոժի» ամսագրին մէջ:
Բժիշկ Մայքլ Օքուն` փարքինսընի հիմնադրամի ազգային բժշկական խորհրդատու եւ Կէյնսվիլի մէջ գտնուող Ֆլորիտայի համալսարանի Նորմըն Ֆիքսելի ջղաբանական հիւանդութիւններու հիմնարկի տնօրէնը, ըսաւ, որ` «Սննդակարգի մէջ ֆլաւոնոյիտներու յանկարծակի աւելցնելը չի կրնար փարքինսընով հիւանդներու երկար կեանքի կախարդական ճառ մը ըլլալ»:
«Այս հետազօտութեան տուեալներու բնոյթը պէտք չէ մեկնաբանուի այն իմաստով, որ փարքինսըն ունեցող մարդիկ աւելի երկար կ՛ապրին, եթէ յանկարծ փոխեն իրենց սննդակարգը` ներառելով անոր մէջ ֆլաւոնոյիտներ,- ըսաւ ան:- Օրինակ, գինին եւ փարքինսընը խառնելը միշտ չէ, որ անվտանգ է, քանի որ այդ մէկը կրնայ յանգիլ վնասուածքներու, որոնք յանկարծակի գետին իյնալու հետեւանք կ՛ըլլան»:
«Ընդհանուր առմամբ, ֆլաւոնոյիտները շատ լաւ են ձեր առողջութեան համար, եւ այս ուսումնասիրութիւնը կ՛աւելցնէ կտոր մը այս հիւանդութեան խճանկարին», ըսաւ Օքուն:
Գիտէ՞ք, Թէ

Ճէյմս Փարքինսըն (1755- 824) անգլիացի վիրաբուժ, դեղագործ, երկրաբան եւ քաղաքական գործիչ էր: Ան առաւել յայտնի դարձաւ իր 1817 թուականի «An Essay on the Shaking Palsy» աշխատութեամբ , որով ան դարձաւ առաջին անձը, որ նկարագրեց «paralysis agitans»-ը. պայման մը, որ հետագային Ժան-Մարթին Շարքոյի կողմէ վերանուանուեցաւ «Փարքինսընի հիւանդութիւն»:
Աղբիւր` WebMD
Թենիսի Արմուկ
(Tennis Elbow)
Ի՞նչ է թենիսի արմուկը:
Lateral Epicondylitis, որ սովորաբար յայտնի է որպէս թենիսի արմուկ, ուռեցքն է այն ձգաններուն (tendons), որոնք դաստակը ափէն ետեւ քաշուած կը պահեն:
Ձգանը կոշտ լար մըն է, որ մկանները կը միացնէ ոսկորներուն: Այն ձգանը, որ ամենայն հաւանականութեամբ, կը ներգրաւուի «թենիսի արմուկին» մէջ, կը կոչուի extensor carpi radialis brevis: Թենիսի արմուկը սովորաբար կ՛ախտորոշուի 30-50 տարեկան տղամարդոց եւ կիներուն մօտ:
Թենիսի արմուկը ինչէ՞ կը յառաջանայ:
Թենիսի արմուկը, ինչպէս ենթադրել կու տայ անուանումը, յաճախ կը յառաջանայ թենիսի ռաքեթի հարուածի ուժին պատճառով, երբ գնդակները հարուածելու ըլլանք backhand-ի դիրքով: Մեր նախաբազուկի (forearm) մկանները, որոնք կը կապուին արմուկի արտաքին մասին, կրնան ցաւիլ աւելորդ լարուածութենէն: Թենիս խաղցած ժամանակ, երբ backhand-ի հարուած կատարենք, մեր արմուկի ծայրը հասնող ձգանները կրնան վնասուիլ:
«Թենիսի արմուկ»-ը կրնայ յառաջանալ հետեւեալ ձեւերով.
- Սխալ backhand-ի հարուած,
- Ուսի եւ դաստակի տկար մկաններ ունենալու պատճառով,
- Օգտագործելով թենիսի ռաքեթ, որ չափազանց պինդ է կամ չափազանց կարճ,
- Ռաքեթի այլ մարզաձեւեր, ինչպիսիք են racquetball-ը կամ squash-ը,
- Հարուածելով գնդակը ռաքեթի կեդրոնէն կամ հարուածելով ծանր եւ թաց գնդակներ:
Այնուամենայնիւ, բազմաթիւ մարդիկ, որոնք կը տառապին «թենիսի արմուկ»-էն, թենիս չեն խաղար: Խնդիրը կրնայ յառաջանալ որեւէ մէկ կրկնուող շարժումէ: «Թենիսի արմուկ»-ի այլ պատճառներէն են.
- Ներկարարութիւնը` վրձինով կամ գլանիկով (roller),
- Սղոցի օգտագործումը,
- Համակարգիչի մաուսի օգտագործումը,
- Ձեռքի այլ գործիքներու յաճախակի օգտագործումը կանոնաւոր կերպով,
- Օգտագործելով ձեռքի կրկնուող շարժումներ (մսագործները, երաժիշտները, ատամնաբուժները, փականագործները (plumbers), ատաղձագործները…):
Որո՞նք են «թենիսի արմուկ»-ի ախտանիշները:
Ստորեւ կը ներկայացնենք «թենիսի արմուկ»-ի ամենատարածուած ախտանիշները: Այնուամենայնիւ, կրնաք տարբեր ախտանիշներ ալ զգալ:
Սկիզբը կրնաք ունենալ ցաւ կամ այրուածք ձեր նախաբազուկի եւ արմուկի արտաքին մասին մէջ: Ժամանակի ընթացքին այդ ցաւը կը զօրանայ: Եթէ շարունակէք ձեր այս վիճակը պատճառող գործողութիւնը, ցաւը կրնայ տարածուիլ մինչեւ դաստակ, նոյնիսկ` հանգիստի ժամանակ: Ցաւը կրնայ շարունակուիլ նաեւ, երբ ձեր թեւը եւ ձեռքը, ափը վար առած, կը դնէք սեղանին վրայ եւ կը փորձէք բարձրացնել ձեր ձեռքը դիմադրութեան դէմ:
Կրնաք նաեւ ցաւ զգալ, երբ կը փորձէք բարձրացնել եւ բռնել փոքր առարկաները (սուրճի գաւաթը բռնած, կամ դրան բռնակը դարձուցած ժամանակ): Թոյլ բռունցքը նաեւ «թենիսի արմուկ»-ի ախտանիշ մըն է:
«Թենիսի արմուկ»-ի ախտանիշները կրնան նմանիլ այլ բժշկական խնդիրներու կամ պայմաններու ախտանիշներուն: Ախտորոշման համար միշտ այցելեցէք ձեր բժիշկին:
Ինչպէ՞ս կ՛ախտորոշուի «թենիսի արմուկ»-ը:
Ձեր բուժաշխատողը սովորաբար կրնայ ախտորոշել ձեր «թենիսի արմուկ»-ը ֆիզիքական քննութեամբ: Որոշ դէպքերու պարագային, կրնաք կատարել որոշակի քննութիւններ, ինչպիսիք են`
- Շողանկար (X-ray)` ձեր արմուկի ոսկորներուն նայելու համար, տեսնելու, թէ արդեօ՞ք ձեր արմուկին մէջ յօդի բորբոքում կայ:
- MRI-ը կրնայ ցոյց տալ ձեր ձգանները եւ գաղափար տալ վնասի ծանրութեան մասին: Ձեր վիզի MRI-ը կրնայ ցոյց տալ, թէ արդեօ՞ք ձեր վիզի յօդերու բորբոքումը կամ ողնայարի տիսքի հետ կապուած խնդիրները ձեր ձեռքի ցաւը կը յառաջացնեն:
- Ձեր արմուկի էլեքթրոմիոկրաֆին (EMG) կրնայ ցոյց տալ, թէ արդեօ՞ք ունիք ջիղերու խնդիրներ, որոնք կրնան յառաջացնել այս տեսակի ցաւ:
Ինչպէ՞ս կը բուժուի «թենիսի արմուկ»-ը:
Կարեւոր է խուսափիլ շարժումներէ, որոնք յառաջացուցած են ձեր վնասուածքը: Բուժումը կրնայ ներառել`
- Հանգստանալ եւ դադար առնել այն գործողութենէն, որ կը յառաջացնէ սոյն ախտանիշները,
- Սառի պարկեր (բորբոքումը նուազեցնելու համար),
- Մկանները երկնցնելու (stretch) եւ զօրացնելու վարժութիւններ,
- Հակաբորբոքային դեղեր (օրինակ` Ibuprofen կամ Naproxen):
Եթէ այս բուժումները արդիւնք չտան, ձեր բուժաշխատողը կրնայ ձեզի հետ խօսիլ հետեւեալի մասին.
- Այդ բաժինը քանի մը շաբաթ անշարժ պահելու համար կապել կամ «թենիսի արմուկ»-ի յատուկ գօտի օգտագործել,
- Սթերոյիտներու, փլազմայի կամ պոթոքսի ներարկումներ, որոնք կ՛օգնեն նուազեցնելու ուռեքն ու ցաւը,
- Անդրձայնային (ultrasound) յատուկ միջոց մը, որ կրնայ օգնել կոտրելու սպիացած հիւսուածքը, առատացնել արեան հոսքը եւ նպաստել բուժման,
- Վիրահատութիւն (հազուադէպ պարագաներու):
Ի՞նչ կարելի է ընել «թենիսի արմուկ»-ը կանխելու համար:
- Ձեր ձեռքերը ճկուն եւ ամուր պահել,
- Խուսափիլ կրկնուող շարժումներէ,
- Նախքան մարզուիլը կամ ձեռքերը օգտագործելը մարզային կամ այլ կրկնուող շարժումներու համար` տաքցնել մկանները,
- Եթէ ռաքեթային մարզաձեւ մը կը խաղաք, վստահ ըլլալ,որ ձեր օգտագործածը յարմար է ձեզի համար:
Ե՞րբ պէտք է կապուիլ բուժաշխատողի հետ:
- Եթէ ցաւը կամ շարժելու դժուարութիւնը կ՛ազդէ ձեր ամէնօրեայ գործունէութեան վրայ,
- Եթէ ձեր ցաւը չի լաւանար, կամ կը վատթարանայ բուժման ընթացքին,
- Եթէ կը տեսնէք ուռեցք մը կամ գունդ մը ձեր ձեռքին վրայ:
Աղբիւր` Hopkinsmedicine.org


