Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Մթնոլորտը Տժգոյն Է, Իսկ Ընդհանուր Իրավիճակը Կը Մնայ Անհեռանկար

February 7, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ երեսփոխանական ընտրութիւններու մթնոլորտը կը շարունակէ իր տժգոյն վիճակով շարունակուիլ եւ ընտրարշաւի թափը դանդաղ քայլերով կ՛առաջնորդուի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին հաստատեց, որ Հըզպալլա երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի իր զոյգ դաշնակիցներուն` Ամալ շարժումին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողքին, ջանալով ապահովել ազգային շահերը:

Միւս կողմէ, նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ եւ սիւննի համայնքը ներկայացնող անկախ անձնաւորութիւններ մեկնարկը կատարեցին ազգային միացեալ նախաձեռնութեան մը, որուն նպատակն է փրկել լիբանանեան ինքնութիւնը:

Պէտք է աւելցնել, որ այսօր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը` ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի յանձնախումբերը, առաւօտեան ժամը 10:30-ին պիտի գումարեն նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկեն այդ մարզերուն յատուկ օրինագիծեր:

Նաեւ պէտք է նշել, որ 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին նահատակներուն հարազատները «Դէպի արդարութիւն» խորագիրը կրող բողոքի նստացոյց մը պիտի կատարեն, այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, մերժելով նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը խոչընդոտող արգելքները:

Խեղդող սղաճի եւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու ընկերային տագնապներու կայուն զարգացման լոյսին տակ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը կը մնայ անհեռանկար:

 

Նախորդը

Տնտեսական Սուր Տագնապին Մասին Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Յաջորդը

«Թուրքիան Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու Քաղաքականութիւն Կը Վարէ Ազրպէյճանի Համաձայնութեամբ Եւ Հաւանութեամբ» Կ՛ըսէ Չելիք

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.