Չորեքշաբթի, 2 փետրուարին Արցախի Ազգային ժողովի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները հանդիպում ունեցան «Արցախի փրկութիւն» շարժումի ներկայացուցիչներուն հետ: Շարժման անդամները հանդիպումներու եւ խորհրդակցութիւններու սկսած են Արցախի քաղաքական եւ հասարակական դաշտի ներկայացուցիչներուն հետ, եւ այս ծիրին մէջ նախաձեռնուած էր այս հանդիպումին:
Հանդիպումին ընթացքին անոնք խօսեցան իրենց առջեւ դրուած խնդիրներուն մասին: «Մեր հիմնական նպատակն է միաւորել Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի` Արցախով մտահոգ մարդիկը եւ Արցախի փրկութեան միացեալ գործողութեան ծրագիր մշակել», նշեց «Արցախի փրկութիւն» շարժման ներկայացուցիչ Աշոտ Սարգսեան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան կարեւոր նկատեց ներքին միասնութեան ապահովումը եւ օրինական ճամբով նոր իշխանութեան ձեւաւորումը:
Հանդիպումին մասնակիցները միտքեր փոխանակեցին Արցախի եւ Հայաստանի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն մասին, անդրադարձան պատերազմէն ետք Արցախի ներքաղաքական կեանքին եւ շեշտը դրին միացեալ ուժերով ազգային նպատակներուն հասնելու կարեւորութեան վրայ:


