Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովութեան Խորհուրդը Լիբանանեան Իշխանութիւններէն Կը Պահանջէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Վրայ Բոլոր Յարձակումներուն Մասին Հետաքննութիւն Բանալ

February 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը կը շեշտէ Լիբանանի կողմէ բարեկարգումներու գործադրութեան կարեւորութիւնը` երաշխաւորելու համար անոր նկատմամբ միջազգային աշխուժ զօրակցութիւնը:

Նոյն հաղորդագրութեամբ կը հաստատուի նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ 2022-ի պետական ամավարկի վաւերացումը, ինչպէս նաեւ 15 մայիս 2022-ին ազատ, պարկեշտ եւ թափանցիկ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը:

Ապահովութեան խորհուրդը ցաւ յայտնեց 22 դեկտեմբեր 2021-ին, ինչպէս նաեւ 4, 13 եւ 25 յունուար 2022-ին ՖԻՆԻՒԼ-ի հսկողութեան շրջաններուն մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն վրայ գործուած յարձակումներուն համար:

Այս շրջագիծին մէջ Ապահովութեան խորհուրդը լիբանանեան իշխանութիւններէն պահանջեց ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ գործուած բոլոր յարձակումներուն մասին հետաքննութիւն բանալ:

Ապահովութեան խորհուրդը պահանջեց նաեւ արագ, անկախ, ամբողջական եւ թափանցիկ հետաքննութիւն կատարել` 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առնչութեամբ:

Միւս կողմէ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ին յանձնած է նամակ մը, որուն մէջ ընդգծուած է, թէ ան կառչած կը մնայ իր ծովային իրաւունքներուն եւ հարստութիւններուն:

Նոյն նամակին մէջ հաստատուած է, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ ծովային սահմանագծումին ծիրին մէջ բանակցող լիբանանեան ներկայացուցչութեան ներկայացուցած կեցուածքներուն:

«Մայատին»-ի համաձայն, Լիբանանի նամակին մէջ շեշտուած է, թէ Քարիշի նաւթահորը իսրայէլեան նաւթահոր մը չէ, այլ` դարձած է հոր մը, որուն ինքնութեան շուրջ հարց գոյութիւն ունի:

Նախորդը

Ճ. Պուչիքեան. «Ճարտարարուեստի Մարզին Համար Լիբանան Ներածուող Հում Նիւթերուն Վրայ Պարտադրուած Մաքսային Տուրքերը Պիտի Ջնջուին»

Յաջորդը

Կրիօ. «Ֆրանսա Միշտ Նեցուկ Պիտի Կանգնի Լիբանանին Եւ Լիբանանցիներուն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.