Թուրքիան կը հաստատէ իր հաւատարմութիւնը Ուքրանիոյ հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հարցին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ այս մասին յայտարարած է Անգարայի եւ Քիեւի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով:
«Թուրքիան կ՛աջակցի Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան, չի ճանչնար Խրիմի անօրինական բռնակցումը եւ կողմնակից է Տոնպասի մէջ կացութեան խաղաղ լուծման` միջազգային օրէնքին համաձայն: Փոխադարձ քայլերը, որոնք պիտի ձեռնարկուին Ռազմավարական խորհուրդի 10-րդ նիստի ընթացքին, պիտի նպաստեն մեր երկկողմանի համագործակցութեան խորացման ու ընդլայնման», կը նշուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն ընդգծած են նաեւ, որ «Խրիմի թաթարներու շահերու եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած միացեալ ջանքերը, որոնք բարեկամութեան կամուրջ կը հանդիսանան Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, առաւել եւս կ՛ամրապնդեն թուրք-ուքրանական յարաբերութիւնները»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան եւ ռուս-ուքրանական տագնապի բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի կոչ ուղղեց:


