2 փետրուարին սկսաւ հայկական «Flyone Armenia» օդանաւային ընկերութեան կողմէ իրականացուող առաջին թռիչքը` Երեւան-Պոլիս-Երեւան ուղղութեամբ, որով «Զուարթնոց» օդակայանէն շուրջ 60 ուղեւորներ տեղափոխեց Պոլիս:
Առաջին թռիչքին անդրադառնալու եկած էին թրքական բոլոր յառաջատար լրատուամիջոցները: «Flyone Armenia» ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեան օդակայանին մէջ յայտարարութիւն կատարեց, ուրախութիւն յայտնեց եւ կարեւոր նկատեց Երեւանի եւ Պոլսոյ միջեւ փոխադարձ օդային հաղորդակցութեան վերականգնումը` դիտել տալով, որ իրենք թռիչքներ կը կատարեն եւ քաղաքականութեան վերաբերող գնահատականներ չեն տար:


