Երէկ` երեքշաբթի, 1 փետրուարին, ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՏԷ) հրապարակեց միջազգային նոր դասաւորումը:
Առաջին հարիւրին մէջ են Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամներ Գաբրիէլ Սարգսեան (56-րդ) եւ Հրանդ Մելքումեան (97-րդ):
Պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն, մինչ Լեւոն Արոնեան, որ այսուհետեւ հանդէս պիտի գայ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ, առաջին տասնեակին մէջ է:


