Ֆրանսական մարզական մամուլին երէկուան գլխաւոր նիւթն էր Փարիզ Սեն Ժերմենի կրած պարտութիւնը` Նիսէն, Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով:
Լրատուամիջոցներէն ոմանք բաւական առաջ ալ երթալով յայտնեցին, որ մայրաքաղաքի կազմին ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի պաշտօնանկ ընել ակումբին գլխաւոր մարզիչը` արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինոն:
Սակայն նշուեցաւ, որ ակումբը ներկայ հանգրուանին պաշտօնազրկման մասին երբեք չի մտածեր` նկատի ունենալով, որ անիկա կ՛ուզէ կեդրոնանալ խումբին առջեւ դրուած այլ նպատակներու վրայ:
Նշուեցաւ, որ անոր պաշտօնազրկումը միայն ու միայն պիտի վնասէ ակումբին շահերուն, եւ այդ պատճառով ամբողջովին պիտի խանգարուին յառաջիկայի բոլոր ծրագիրները:
Ակումբը այժմ կը գրաւէ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը եւ այս ամսուան կիսուն շատ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Ռէալ Մատրիտի դէմ («Չեմփիընզ Լիկ»):


