Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» Խմբակցութիւնը Հայաստանի Նախագահի Թեկնածու Առաջադրեց Վահագն Խաչատուրեանը

February 2, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 1 փետրուարին լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի նախագահի պաշտօնակատար Ալեն Սիմոնեան ըսաւ, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը նախագահի թեկնածու առաջադրեց բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատուրեանը:

Նշենք, որ ըստ Հայաստանի Սահմանադրութեան, Հայաստանի նախագահի պաշտօնանկութեան, լիազօրութիւններու կատարման անկարելիութեան, հրաժարականի կամ մահուան պարագաներուն, մինչեւ նորընտիր նախագահին կողմէ պաշտօնի ստանձնումը, հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կը կատարէ Ազգային ժողովի նախագահը:

Հաւանական է, որ նոր նախագահի ընտրութիւնը տեղի ունենայ 25 փետրուարէն սկսեալ տասը օրուան ընթացքին:

Մինչ այդ, երէկ` երեքշաբթի, 1 փետրուարին դադրեցան Արմէն Սարգսեանի լիազօրութիւնները` Հայաստանի նախագահի պաշտօնէն:

Հայաստանի Ազգային ժողովի լրատուականին մէջ հրապարակուած արձանագրութեան մէջ կը նշուի. «Հիմք ընդունելով հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի մասին դիմումը եւ առաջնորդուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 142-րդ յօդուածի եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 147-րդ յօդուածի Ա. մասի եւ 2-րդ մասի 2-րդ կէտի պահանջներով` դադրած նկատել հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի` նախագահի լիազօրութիւնները»:

 

Նախորդը

«Գերիներու Վերադարձը Ռուսական Կողմի Առաջնահերթ Խնդիրներէն Է» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Բրիտանիա Կ՛աջակցի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)

September 19, 2026
Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.