Արցախի մէջ ստեղծուած է սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնախումբ: Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ ստորագրած է հրամանագիրը, կը յայտնեն Արցախի նախագահի աշխատակազմէն:
Հրամանագիրով հաստատուած է յանձնախումբի անհատական կազմը` Արցախի նախագահի աշխատակազմի կառավարութեան գործերու կառավարչութեան պետ Արայիկ Լազարեանի գլխաւորութեամբ:
Ըստ հրամանագիրին, յանձնախումբին յանձնարարուած է եռամսեայ ժամկէտի մէջ նախագահին ներկայացնել սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը:
Նշենք, որ Արցախի մէջ կը քննարկուին սահմանադրական փոփոխութիւններով նախագահական համակարգէն հրաժարելու եւ կիսանախագահականին վերադառնալու կարելիութիւնները:


