Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 1, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6279 վարակուածներ եւ մահացած 16 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.600 լ. ոսկիի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ խիստ մերժելի է կարգ մը ուժերու կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու պնդումը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն մասնակցելու յառաջիկայ մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որովհետեւ ընտրութիւնը ժողովրդավարական կարեւոր քայլ մըն է, որ առիթ կու տայ ժողովուրդին իր կարծիքը արտայայտելու եւ Լիբանանի յաջորդ ուղղուածութիւնը ճշդելու:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ յայտնեց, որ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան 2022-ի ամավարկին մէջ արձանագրուելիք մուտքերը 370 միլիոն տոլարի պիտի հասնին` առանց քաղաքացիներուն վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու: Ան նշեց, որ Ֆրանսա կատարած իր այցելութիւնը զուտ աշխատանքային էր` աւելցնելով, որ ինք Ֆրանսայէն ոչ մէկ պատգամ բերած է Լիբանան: «Կայ յստակ մէկ իրականութիւն, որ Պէյրութի նաւահանգիստը վերակառուցելու նպատակով ներդրումներ չկան, հետեւաբար որոշած եմ նաւահանգիստը վերակառուցել նաւահանգիստին ապահոված մուտքերէն», շեշտեց ան:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ դրամատնային մարզը պէտք է դիմէ այնպիսի քայլերու, որոնք Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը կը վերահաստատեն: Ան նշեց, որ Լիբանանին մեծամասնութիւններով կարելի չէ իշխել: Միւս կողմէ, Պայրամ ընդգծեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն լիբանանցիները տուրքերէ զերծ կացուցելու` աւելցնելով, որ 2022-ի պետական ամավարկը քննարկելու նիստին ընթացքին ցարդ կարելի եղած է այս սկզբունքը իրականացնել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ կայ մաքսատնային տոլարը 10-12 հազար լ. ոսկիի սակին համաձայն ճշդելու միտում մը` աւելցնելով, որ իրենք այդ կեցուածքին համաձայն են:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առած քայլը Լիբանան հայրենիքին մէջ տագնապի ցուցանիշ մըն է` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը վերստանձնել Հըզպալլայի զէնքին պարտադրած իշխանութենէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Պահաէտտին Հարիրիի կեցուածքները կը խախտեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը` աւելցնելով, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան զուգադիպող 14 փետրուարի ոգեկոչումը պիտի ճշդէ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ հարիրիական քաղաքականութեան ժառանգորդը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթավերջին Քեսրուանի մէջ առաջադրեց Շաուքի Տաքքաշի թեկնածութիւնը` հաստատելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլային ի նպաստ քուէարկողը իր ձեռքերով կ՛երկարաձգէ իր ցաւերը: Ան շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կը նկատուին ներկայ մեծամասնութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու իսկական առիթ:

Երէկ Ժահժահ առաջադրեց նախկին նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի թեկնածութիւնը` հիւսիսային Մեթնի յոյն կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցչութեան նպատակով: Ան նշեց նաեւ, որ որոշած է զօրակցիլ Ռազի Հաժի թեկնածութեան` Մեթնի մարոնի համայնքի ներկայացուցչութեան համար: Ժահժահ նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները Լիբանանի փրկութեան պայքարը կը նկատուին:

 

 

Նախորդը

Նշմարներ. Սարէն-Ձորէն Կէտերու Միացում

Յաջորդը

Նայիմ Քասեմ. «Կառչած Կը Մնանք Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացման»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.