Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու զինուորականներուն, յատկապէս հանգստեան կոչուած զինուորականներուն իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Սլիմին յայտնեց, թէ կառավարութիւնը համաձայն է հանգստեան կոչուած զինուորականներուն ընկերային օժանդակութիւն տրամադրելու որոշումին: Այդ օժանդակութիւնը համազօր պիտի ըլլայ տակաւին ծառայող զինուորականի մը ամսական աշխատավարձին:
Նախագահական Պալատը Կը Հրապարակէ Իրաւական Հաշուեքննութեան Վերաբերող Հաղորդագրութիւն Մը
Միւս կողմէ, նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախագահ Աուն նախապէս զգուշացուցած է, թէ Կեդրոնական դրամատունը մեծ սխալի մէջ կ՛իյնայ, երբ կը մերժէ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» հաշուեքննիչ միջազգային ընկերութեան յանձնել իր ամբողջական տեղեկութիւնները, որպէսզի այդ ընկերութիւնը կարենայ սկսիլ իրաւական հաշուեքննութեան:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու որոշումը տրուած է 27 յուլիս 2020-ին, կառավարութեան նիստին ընթացքին, այսինքն` աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր, «իսկ այդ հաշուեքննութիւնը կատարելու բոլոր արգելքները վերացած են, երբ խորհրդարանը որոշած է Կեդրոնական դրամատան բոլոր հաշիւներուն պարագային գաղտնիութեան օրէնքը վերացնել», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ հանրապետութեան նախագահութեան անունով յոյս կը յայտնուի, որ չըլլայ այնպէս մը, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին կողմէ իրականութիւններ թաքցնելու գրաւը բացայայտ դառնայ, որովհետեւ այդ պարագային յաւելեալ կառչածութեամբ պիտի պահանջուի իրաւական հաշուեքննութիւնը: «Լիբանանցիները իրաւունք ունին իմանալու, թէ ինչպէ՛ս պատահած է տնտեսական այս տագնապը եւ ի՛նչ են այն պատճառները, որոնք ազդած են դրամատուներուն գործունէութեան վրայ եւ փճացուցած դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ նախագահ Աուն վերջին փորձերը կը կատարէ` փարատելու համար այն շինծու խոչընդոտները, որոնք կ՛արգիլեն միջազգային ընկերութիւնը իր աշխատանքը կատարելէ: «Նախագահ Աուն կը խոստանայ ապրուստի եւ տնտեսական հեղձուցիչ պայմաններ դիմագրաւող քաղաքացիներուն, որ հաշուետուութեան պահը կը մօտենայ, եւ դատական իշխանութիւնները պիտի ունենան իրենց խօսքը: Նախագահ Աուն կը հաստատէ, որ արդարութիւնը ամէն բանէ վեր է: Նախագահ Աուն կ՛ընդգծէ, որ երկրին տնտեսութիւնը, լիբանանեան դրամանիշին արժէքը, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ ու բարօր կեանք մը ապրելու կարելիութիւնը քանդող այս գործելաոճը պիտի ձախողի իր բոլոր խորհրդանիշներով: Հանրապետութեան նախագահը պիտի չյոգնի եւ պիտի չձանձրանայ, մինչեւ որ այս իրագործումը կատարէ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Կեդրոնական Դրամատունը Կը Պատասխանէ Հաղորդագրութեան
Կեդրոնական դրամատունը երեկոյեան հրապարակեց նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան պատասխան հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Կեդրոնական դրամատունը «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութեան բոլոր պահանջներուն ընդառաջած է եւ գումակային բոլոր քայլերուն դիմած` ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ յատուկ գրասենեակ պատրաստած է եւ համակարգչային դրութիւն տրամադրած, որպէսզի բոլոր տեղեկութիւնները միջազգային ընկերութեան տրամադրութեան տակ դրուին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ 11 նոյեմբեր 2021-ին ելեւմուտքի նախարարը Կեդրոնական դրամատունէն պարզաբանումներ խնդրած է «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութեան կողմէ արծարծուած կարգ մը հարցումներուն վերաբերեալ, իսկ Կեդրոնական դրամատունը այդ պատասխանները 6 դեկտեմբեր 2021-ին յղած է ելեւմուտքի նախարարին` խնդրելով, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը անմիջապէս սկսի:
Կեդրոնական դրամատան հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ 28 դեկտեմբեր 2021-ին «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութեան յանձնուած են վերակարգաւորուած տեղեկութիւններ, որոնք ընկերութեան կողմէ պահանջուած էին` յարգելու համար միջազգային չափանիշները:
«21 յունուար 2022-ին Կեդրոնական դրամատունը դարձեալ ելեւմուտքի նախարարին ներկայացուց այն տեղեկութիւնները, որոնք պահանջուած էին իրմէ` մաղթելով, որ որոշումը կը տրուի եւ ընկերութիւնը կը սկսի հաշուեքննութեան հոլովոյթին: Նշենք նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատան կեդրոնական խորհուրդին տուած բոլոր որոշումները կ՛ուղարկուին ելեւմուտքի նախարարին, Կեդրոնական դրամատան մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչին ճամբով: Նկատի ունենալով իրաւական հաշուեքննութեան նկատմամբ ցուցաբերուած դրական գործակցութիւնը` Կեդրոնական դրամատունը կը շեշտէ, որ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութիւնը պէտք է սկսի աշխատանքի եւ փաստէ իրեն ներկայացուած տեղեկութիւններուն ստոյգ ըլլալու իրականութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:


