Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անանձնական Ուրախութեան Վկաները (Ընկերային Ծառայողներու Օրուան Առիթով)

February 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏԻՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութեան Ատենապետ

Կեանքի մէջ չկայ աւելի մեծ փոխհատուցում, քան` մասնակիցը ըլլալ մեր նմանի կեանքին մէջ հիմնական եւ դրական փոփոխութիւններու:

Ընկերային ծառայութիւնը մտիկ ընելու եւ օգտակար դառնալու արուեստ մը ըլլալէ անդին` յոյս ներշնչելու գիտութիւնն է: Մարդկային արժանապատուութիւնը վառ պահելու, անկարին ձեռք երկարելու, տարեցին արցունքը սրբելու, պատանիին յոյս ներշնչելու եւ մանուկներու անմեղ դէմքերուն ժպիտ դրոշմելու առաքելութիւնն է ընկերային ծառայութիւնը:

Այսօր փետրուար 1 է:

1998 թուականին Լիբանանի ընկերային ծառայողներու սենտիքայի կողմէ հաստատուած յիշատակի այս օրը ընկերային ծառայողները պատուելու, անոնց առաքելութիւնը արժեւորելու եւ ընկերութեան մէջ ձեռք բերուած ներդրումը գնահատելու օրն է:

Լիբանանահայ  գաղութին մէջ ընկերային ծառայողները անցնող առաւել քան 44 տարիներուն հաւաքական մեր կեանքին մէջ ունեցած են իրենց հսկայական դերակատարութիւնը` միշտ հաւատալով, որ միջավայրի, ընկերութեան, ընտանիքներու եւ անհատներու կեանքին մէջ դրական փոփոխութիւն բերելը հրամայական է: Անոնք քաջաբար գործած են` արդարութեան դռները բանալով անարդարութիւններու դէմ, կիներու եւ մանուկներու իրաւունքները պաշտպանելով, ընտանեկան հարցերու լուծումներ գտնելով, հայ մանուկը հայ դպրոցին մէջ պահելով եւ բարգաւաճման ծրագիրներով ազգօգուտ ձեռնարկներ կազմակերպելով:

Անցնող երկու տարիները բաւական ծանր էին բոլորիս համար: Լիբանանի քաղաքական-ընկերային ու տնտեսական կեանքի ստեղծած տագնապը աւելի սուր բնոյթ ստացաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումով եւ «Քորոնա» ժահրի մահասփիւռ սպառնալիքով,  որով երկիրը անդամալուծուեցաւ` տեղի տալով աղքատութեան, անօթութեան, ընկերային արժէքներու անկման, ընտանեկան հարցերու եւ մանուկներու հոգեկան աշխարհի քայքայման:

Հանրութեան աչքերէն հեռու, քանի՜ քանի՛ սրտեր յուսալքուեցան, քանի՛ մանուկներ վայրագութեան զոհ գացին, որքա՛ն ընտանիքներ քայքայուեցան, եւ որքա՛ն անտէր մնացած ծերունիներ կեանքէ հեռացան` յուսահատ նայուածքով, արցունքոտ աչքերով եւ հարազատներու կարօտով: Այո՛, այս բոլորը հաշուելը դժուար է, սակայն մէկ բան յստակ է, որ հայ համայնքին մէջ գործող այլ մարմիններու կողքին, առաւել քան 40 ընկերային ծառայողներ, ընտանեկան կեանքն ու հանգիստը մէկ կողմ դրած, հայ գաղութի անկարին ու կարօտեալին հասնելու, ընտանիքներու հանապազօրեայ հաց մատակարարելու եւ հիւանդին դեղորայք ապահովելու ծանր, սակայն քաղցր լուծը յանձն առին:

Քրիստոնէական արժէքները մարմնաւորող ընկերային ծառայութիւնը տիտղոս չէ, այլ կատարեալ նուիրում եւ առաքելութիւն է` քաջ հաւատալով, որ կարելի չէ տեսնել, ցաւիլ եւ լուռ անցնիլ մեր նմանին տառապանքները տեսնելով: Ահա այս դժխեմ պայմաններուն դիմաց ընկերային ծառայողները հաւաքականութեան առողջ եւ զօրաւոր ըլլալու հանգամանքը առաջնահերթութիւն նկատելով, յանձնառութեան բարձրագոյն մակարդակով բոլոր խոչընդոտներուն դէմ պայքարելով`  շարունակեցին  ընտանիքներու եւ անհատներու կեանքի մէջ յոյս եւ հաւատք ներշնչելու սրբազան առաքելութեան:

Միսաք Մեծարենցի խօսքերը որքա՛ն իրական եւ այժմէական կը հնչեն այսօր`  մարդասիրական եւ աստուածահաճոյ ծառայութեան նուիրուած իւրաքանչիւր ընկերային ծառայողի համար.

«Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ծաղիկներու պէս զայն ժողովեմ ճամբուս վրայ`
 Նայուածքներուն մէջ ամէնուն եւ ամէն օր»:

Այո՛, այս խօսքերը կը մարմնաւորուին եւ նոր արժէք կը ստանան ամէն անգամ, երբ հայ տարեց մը իր օրհնութիւնները առատօրէն կը ցօղէ ընկերային ծառայողի մը վրայ, ամէն անգամ, երբ յուսահատ երիտասարդի մը կեանքը կ՛իմաստաւորուի, ամէն անգամ, երբ հայ մօր մը տագնապները կը փարատին եւ ամէն անգամ, երբ հայ մանուկներու դէմքերուն վրայ անմեղ ժպիտ մը կը ծաղկի:

Մեր առաքելութիւնը կը շարունակուի` յանուն մեր ժողովուրդի առողջ, բարօր եւ արժանապատիւ կեանքի ապահովման:

Ձեր վարձքը կատար, սիրելի՜ նուիրեալ  գործակիցներ:

 

 

Նախորդը

Պոլսոյ Մէջ Լոյս Կը Տեսնէ Հայկական Մանկապատանեկան Նոր Ամսաթերթ Մը

Յաջորդը

Նշմարներ. Սարէն-Ձորէն Կէտերու Միացում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.