Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ Քուէյթի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ընթացքին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Քուէյթի մէջ ժողովը խորհրդակցական է, օրակարգի չի հետեւիր եւ գրաւոր եզրակացութիւններ չունի»:
Պատասխանելով Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձի մասին հարցումի մը` ան ըսաւ. «Արաբական կացութիւնը, շրջանային կացութիւնը եւ շրջանային միջամտութիւնները ընդհանուր առմամբ քննարկուեցան, եւ երկրի մը իր աթոռին վերադառնալու կամ վեհաժողովին մասնակցելու հրաւիրելու հարցէն առաջ միշտ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, ինչպէս նաեւ անդամ երկիրներու գաղափարներն ու պատկերացումը, եւ թէ ինչ է այդ երկրին մասին իրենց կարծիքը եւ Սուրիայէն սպասուածը, այս բոլորի քննարկման տակաւին չհասանք»:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Սփութնիք»-ին յայտնեց, որ Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր պըն Համատ Պուսայիտի այսօր պաշտօնական այցելութեամբ պիտի հասնի Դամասկոս, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ:
Աղբիւրը կը նշէ, որ ան սուրիացի պաշտօնատարներուն հետ պիտի քննարկէ Օմանի եւ Սուրիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու «հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր»:


