Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը Ուաշինկթընին կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու Ուքրանիոյ սպառազինումը, ինչ որ Քիեւի վարչակարգը կը հրահրէ Տոնպասի բնակիչներու դէմ բռնի ուժի դիմելու արկածախնդրութեան: «Արմէնփրես», վկայակոչելով «Ռատիօ Սփութնիք»-ը, կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան յայտարարութեան մէջ:
«Ակնյայտ է, որ Ուաշինկթընի կողմէ Քիեւի վարչակարգը անդադար նոր զէնքերով ապահովելը իրականութեան մէջ կը դրդէ Տոնպասի բնակչութեան դէմ զինուորական արկածախնդրութեան:
«Ակնյայտ է, որ Ուաշինկթընի կողմէ Քիեւի վարչակարգին անդադար նոր զէնքեր ապահովելը իրականութեան մէջ Տոնպասի բնակիչներուն դէմ զինուորական արկածախնդրութեան կը դրդէ: Այսօր Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը կրակ բացած են քաղաքին մօտ գտնուող Եասնոյէ գիւղի բնակելի շէնքին վրայ», կը նշուի դեսպանատան դիմատետրեան էջին վրայ:
Դիւանագիտական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն խօսքով` Ուաշինկթըն ամէնօրեայ դրութեամբ «կը գովազդէ» իր գործունէութիւնը` հարիւրաւոր թոն զինուորական օգնութիւն տրամադրելով` պատրուակ բերելով Ռուսիոյ կողմէ ենթադրեալ յարձակումը:


