ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 8116 վարակուածներ եւ մահացած 17 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 22.500 լ. ոսկիի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ արձանագրուած միջադէպը` շեշտելով, որ Լիբանան շնորհակալ է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն, որոնք սահմանային ապահովութեան կը հսկեն եւ խաղաղութիւնը կը պահպանեն: Նշենք, որ այս շաբթուան ընթացքին Վրոնեցքա երկրորդ անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Ռայի պատրիարքին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով, 98 օքթանը` 1000 լ. ոսկիով, մազութի թիթեղը` 5400 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 4300 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 353.600 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինը` 364.800 լ. ոսկի, մազութը` 325.800 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 276.000 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութիւնը Լիբանանի մէջ երկրին սպառնացող ամէնէն վտանգաւոր երեւոյթն է` աւելցնելով, որ անիկա ուղղակի Լիբանանի էութիւնը կը հարուածէ եւ կը վտանգէ Լիբանանի գոյութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն լաւ գիտէ, որ իր դաշնակիցները պիտի ըլլան առաջինները, որոնք պիտի մերժեն ընդառաջել Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու հրաւէրին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց վերջ տալու յաւելաբանութիւններուն եւ կազմելու ելեւմտական յանցագործութիւններու յատուկ դատարան մը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանանի տագնապը կարելի պիտի չըլլայ լուծել առանց հիմնադիր խորհրդաժողովի` աւելցնելով, որ Փարիզ միակն է, որ կրնայ ասիկա իրագործել:
«Հետեւաբար բաղձալի է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն լիբանանեան հարցերու ծանօթ պատասխանատու մը նշանակէ, որ նման խորհրդաժողով մը կազմակերպէ ամերիկեան եւ իրանեան հովանաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ սուրիական եւ սէուտական մասնակցութեամբ», շեշտեց Ուահապ: Ուահապ ընդգծեց, որ ոչ ոք կարողութիւն ունի յետաձգելու կամ ջնջելու երեսփոխանական ընտրութիւնները, որոնք պիտի կատարուին ճշդուած թուականին:


