ԱՐՏԱՇԷՍ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ
Աւելի քան քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեր հայրը, հօրեղբայրը, մօրեղբայրն ու հարազատը` Սարգիս Գասարճեանը:
Ան ծնած է Լեռնալիբանանի գեղատեսիլ գիւղերէն Պիքֆայայի մէջ, 1931 թուականին, Սիսէն գաղթած հայ նահապետական ընտանիքի մը յարկին տակ:
Փոքր տարիքէն ստացած է հայեցի եւ գաղափարական դաստիարակութիւն իր հօրմէն` Արտաշէսէն, որ իր ուսման պաշարը ամբարած էր Սիսի դպրեվանքէն` իրեն հետ բերելով հայ ազգի պատմութիւնն ու մշակոյթը:
Սարգիս Գասարճեան իր նախնական ուսումը ստացած է Պիքֆայայի հայկական դպրոցին մէջ, ուր կոփուած է ազգային դաստիարակութեամբ: Պատանի տարիքին ստիպուած է մղել կեանքի պայքար` դիմագրաւելով զանազան մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ, որպէսզի նեցուկ կանգնի իր ծնողքին եւ անոնց ապահովէ բարւոք ու հանգիստ կեանք:
Աւելի ուշ անդամագրուած է ՀՅԴ-ի շարքերուն` մաս կազմելով ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան: Ան իր կեանքին ընթացքին եղած է օրինակելի անձ մը իր աշխատանքով, կարգապահութեամբ եւ նուիրումով: Երկար տարիներ ունեցած է բեղուն գործունէութիւն:
Լիբանանի տագնապալի օրերուն որոշած է կազմել հայ ընտանիք մը` ընտրելով իր կեանքի ընկերը: Աստուած անոնց պարգեւած է երկու մանչ եւ երկու դուստր: Իբրեւ նուիրեալ եւ օրինակելի հայր` զոհաբերութեամբ եւ յարատեւ աշխատանքով կրցած է դաստիարակել իր զաւակները, զանոնք զինած է ուսմամբ եւ զարգացումով, ականատես եղած է անոնց` բարձրագոյն վկայականներու տիրանալուն եւ գերադաստանին պարծանքը դառնալուն:
Սարգիս Գասարճեան սիրած է գիրքը, որ եղած է իր մօտիկ ընկերը: Իր գաղափարական մտային աշխարհը զարգացուցած է ընթերցելով ՀՅԴ-ի պատմութիւնը եւ ֆետայիներուն կեանքին ու պայքարին մասին: Պատանի տարիքէն մինչեւ կեանքի վերջին օրերը իր միակ ու մնայուն բարեկամը եղած է «Ազդակ» օրաթերթը, որուն ճամբով կը ստանար հայրենիքին, ազգին եւ մանաւանդ ՀՄԸՄ-ին մասին լուրեր:
Ան եղած է մեր սերունդի դաստիարակը` մեր հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ սերմանելով հայրենիքի նկատմամբ մեծ ու անսակարկ սէրը` միշտ ու միշտ արտասանելով Քրիստափորի խօսքերը եւ յիշեցնելով Ռոստոսի ուղեգիծը:
Իր մահով ընտանիքն ու Գասարճեան գերդաստանը կը կորսնցնեն նուիրեալ հայր մը եւ հաւատաւոր դաշնակցական մը:
Մենք` իբրեւ անոր ժառանգորդները,
կ՛ուխտենք հաւատարիմ մնալ իր կտակին` շարունակելով իր բացած ուղին, կառչած մնալով սուրբ գաղափարին:
Թող Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ յիշատակը անթառամ պահէ իր ընտանիքին եւ սիրելիներուն մտքերուն ու սրտերուն մէջ:


