Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Մէջ. Արման Թաթոյեան Քննարկումներ Ունեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանի Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հարցերով Մնայուն Զեկուցողներուն Հետ

January 28, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 27 յունուար 2022-ին,  Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Պրիւքսելի մէջ քննարկումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի Ազրպէյճանի հարցերով մնայուն զեկուցող Ժելեանա Զովքոյի հետ, իսկ 26 յունուարին`  Հայաստանի հարցերով մնայուն զեկուցող  Անտրէյ Քովաչեւի հետ:

Արման Թաթոյեան ներկայացուց փաստեր ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի եւ Երասխի մէջ Հայաստանի բնակիչներու իրաւունքներու խախտումներուն (գողութիւններ, կրակոցներ, արօտավայրերու հրկիզում, տեսախցիկներով քաղաքացիական տուներու դիտարկում եւ այլն) մասին:

«Գորիս-Կապան եւ Կապան-Ճակատէն ճամբաները առանց որեւէ իրաւական հիմքի փակելու հետեւանքով շրջակայ գիւղերու բնակիչները կանգնած են մեկուսացման եւ մարդկային խնդիրներու առջեւ: Աւելի՛ն, ազրպէյճանցի զինուորները նշանառութեան տակ կը պահեն, այսպէս կոչուած, այլընտրանքային ճամբաները, քաղաքացիական բնակիչները, անոնց տուները: Խախտումներու վերացման իրական լուծումը ազրպէյճանցի զինուորներու հեռացումն է մեր գիւղերուն մօտերէն ու ճամբաներէն` խաղաղ բնակչութեան իրաւունքներու երաշխաւորման նպատակով», յայտնեց Թաթոյեան:

Ան նաեւ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Արցախի մէջ խաղաղ բնակիչներու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերող (գրեթէ ամէնօրեայ դարձած կրակոցները, գողութիւնները եւ այլն) Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի զեկուցումներուն հիման վրայ:

Թաթոյեան ներկայացուց նաեւ հայ գերիներու խոշտանգումներու (նաեւ` նոր ձեւերը) վերաբերեալ զեկուցումները` նշելով անոնց վերադարձի հրատապութիւնը եւ ազրպէյճանական իշխանութիւններու անօրինական արարքներուն անընդունելի ըլլալը (արհեստական դատավարութիւններ, մարդոց պահելը քաղաքական ու ռազմական առեւտուրի նպատակով եւ այլն):

Նախորդը

Կառավարութիւնը Չկրցաւ Ամերիկեան Եւ Մաքսատնային Տոլարի Փոխարժէքի Վերջնական Սակ Մը Ճշդել

Յաջորդը

Ազրպէյճանցիները Վերցուցած Են Հատրութի Սպիտակ Խաչ Եկեղեցւոյ Գմբէթի Խաչը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.