Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի բանբերը, պատասխանելով լիբանանեան քաղաքական խորհրդանիշներէն եւ Ֆրանսայի բարեկամներէն Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի լիբանանեան քաղաքական կեանքին իր մասնակցութիւնը առկախելու մասին հարցումին, յայտնեց հետեւեալը. «Սաատ Հարիրի կեդրոնական դերակատարութիւն ունեցած է Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ, եւ մենք մնայուն կապի մէջ եղած ենք անոր հետ: Սակայն այս որոշումը տրուած է իր կողմէ, եւ մենք կը յարգենք զայն, ու անոր մասին մեկնաբանութիւն կատարելը մենք մեզի չենք վերագրեր: Սաատ Հարիրիի որոշումը ոչ մէկ կերպով իր ազդեցութիւնը պէտք է ունենայ 15 մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ: Ընտրութիւնները պիտի կատարուին թափանցիկութեամբ, չէզոքութեամբ, իսկ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն պէտք է ընծայուի բարեկարգումները կատարելու առաջնահերթութիւնը, որպէսզի լիբանանցիները իրենց տագնապէն փորձեն դուրս գալ: Ֆրանսա կը շարունակէ կառչած մնալ լիբանանցի ժողովուրդին զօրակցելու իր կեցուածքին»:



