Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սահմանազատումը Պիտի Բացառէր Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Տեղի Ունեցող Միջադէպերը» Կ՛ըսէ Պորտիուժա

January 26, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՊԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժա յայտարարած է, որ հայ- ազրպէյճանական սահմանազատումն ու սահմանագծումը պիտի բացառէր այնտեղ արձանագրուող տարատեսակ միջադէպերը: Այս մասին Պորտիուժա յայտնած է «Սփութնիք Արմենիա»-ին տեսակամուրջի ձեւաչափով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ան այդպէս պատասխանած է լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանը կրնա՞յ յոյս ունենալ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող կացութեան պատճառով ՀԱՊԿ-ի նոյնպիսի գործնական միջամտութեան, ինչպիսին տեղի ունեցաւ Ղազախստանի իրադարձութիւններուն ընթացքին:

Ի պատասխան Պորտիուժա նշած է, որ ինք ղարաբաղեան տագնապի եւ սահմանի խնդիրը  խորութեամբ ուսումնասիրած է, սակայն չի կարծեր, որ պէտք է ՀԱՊԿ-ի նման արձագանգի մասին խօսիլ:

«Ես չէի խօսեր Հայաստանին, Ազրպէյճանին աջակցութեան անհրաժեշտութեան մասին: Պէտք է հասնիլ սահմաններու հարցով փոխադարձաբար ընդունելի որոշումներու: Չեմ կարծեր, թէ այս փուլին կարելի է խօսիլ կամ քննարկել ՀԱՊԿ-ի զօրքերու ներխուժման առնչուած հարցերու մասին: Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը կայունութեան երաշխիքն է: Թէեւ ասիկա տեղի չ՛ունենար առանց միջադէպերու», ըսած է Պորտիուժա:

Ան նաեւ յայտնած է, որ գոյութիւն ունին ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ Հայաստանը ժամանակակից սպառազինութիւններով զինելու ամբողջական ծրագիրներ:

Պորտիուժա յիշեցուց, որ հայկական բանակի զինանոցին մէջ գտնուող ռազմարդիւնաբերական համալիրի բազմաթիւ տեսակներ Ռուսիայէն ստացած են` իբրեւ անհատոյց օգնութիւն: Կա՛մ ալ անոնք գնուած են ներռուսական արտօնեալ գիներով եւ ռուսական վարկային միջոցներով:

Սեպտեմբեր 2021-ին ՀԱՊԿ-ի պետութիւններու ղեկավարները հաստատած էին գործնական արձագանգման հաւաքական ուժերը ժամանակակից սպառազինութիւններով յագեցնելու ծրագիրը:

Պորտիուժայի կարծիքով` ծրագիրին էութիւնը այն է, որ կազմակերպութեան անդամ պետութիւնները նոյն ատեն ապահովեն իրենց զինեալ ուժերն ու միւս ուժային կառոյցները նոյնատիպ սպառազինութեամբ, միեւնոյն մակարդակի համակարգերով:

ՀԱՊԿ-ի նախկին ղեկավարը յիշեցուցած է, որ այդ գնումը կը կատարուի արտօնեալ գիներով. ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ դաշնակիցներու զէնքի վաճառքի արտօնեալ կարգի մասին համաձայնագիր գոյութիւն ունի: Եւ Ռուսիան փաստաթուղթի ծիրին մէջ իր դաշնակիցներուն ամէնէն ժամանակակից զինատեսակները կը վաճառէ ներքին գիներով:

Նախորդը

Թուրքիան Կը Նախատեսէ Վանը Եւ Կարսը Դարձնել Հայերու Համար Զբօսաշրջութեան Կեդրոն Եւ Թռիչքներու Սկսիլ Դէպի Հայաստանի Տարբեր Շրջաններ

Յաջորդը

Ալիեւ. «Հայաստանէն «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Ստեղծման Մեկնարկին Վերաբերեալ Դրական Լուրեր Կը Ստանանք»

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.