Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Առաւօտեան Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Պիտի Փակէ Վարչապետարանի Մուտքերը

January 26, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը երէկ արտակարգ նիստ մը գումարեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնին մէջ:

Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ համադաշնակցութիւնները պիտի ջանան երկրին մէջ ցամաքային փոխադրութեան սակը տրամաբանական եւ մատչելի դարձնել, ինչպէս նաեւ հաստատուեցաւ, որ այսօր գործադուլ եւ նստացոյց պիտի կատարուի` ցամաքային փոխադրութեան մարզին պահանջները իրագործելու նպատակով:

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ ինք նախապէս ընդգծած էր, թէ 2, 3 եւ 4 փետրուարին պիտի կատարեն ընդհանուր գործադուլ մը` Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ, եթէ կառավարութիւնը իր խոստումը չգործադրէ, «սակայն ըստ երեւոյթին ոմանք կը ջանան մեզի պատասխանատու նկատել: Կ՛ուզեմ հաստատել, որ 26 հոկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ համաձայնութիւն մը գոյացած է` ներկայութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, ելեւմուտքի եւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարներուն: Այդ համաձայնութեան կարելի եղած է յանգիլ աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին: Թող բոլորը իմանան, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու է այդ համաձայնութիւնը գործադրելու», շեշտեց ան:

Թլայս շեշտեց, որ մարզ մը, որ 53 հազար ընտանիք կ՛ընդգրկէ, նման վարուելակերպի արժանի չէ: «Մենք կը պահանջենք այս համաձայնութիւնը նկատի ունենալ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին վրայ եւ այս կամ այն նախարարը պատասխանատու չնկատել այս համաձայնութեան, որ անձամբ վարչապետին հետ գոյացած է», ըսաւ ան:

Թլայս հաստատեց, որ այսօր առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ, Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը ինքնաշարժներով, փոխադրակառքերով եւ սիթեռններով պիտի փակէ վարչապետարանի մուտքերը:

Ինքնաշարժներուն հաւաքի կեդրոնները պիտի ըլլան Սփիրզի խաչմերուկ – Պըրժ Մըր, Ռինկի խաչմերուկ, Սթարքոյի խաչմերուկ- վարչապետարանի մուտք – Պէյրութի քաղաքապետարան, Զոքաք էլ Պլաթի հրապարակ-վարչապետարանի մուտք, «Նահար» օրաթերթի խաչմերուկ:

Թլայս յոյս յայտնեց, որ գործադիր իշխանութիւնը կը գիտակցի իր պատասխանատուութեան մասին, նախքան համադաշնակցութեան մեծ շարժումը` 2, 3 եւ 4 փետրուարին, որուն ընթացքին իրենք պիտի կատարեն ընդհանուր գործադուլ մը` Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Մաուլաուի. «Արգիլեցինք Դէպի Սէուտական Արաբիա «Քեփթակոն» Մաքսանենգելու Գործողութիւն Մը»

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան Հարիրիի Որոշումը Կը Նկատէ Ցաւալի, Իսկ Պահիա Հարիրի Եւ Սինիորա Կը Մնան Յանձնառու

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.