Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Պալթեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ զօրքեր, օդուժ եւ նաւատորմիղ տեղակայելու կարելիութիւնը կը սերտէ: Այս մասին աղբիւրներ յայտնած են «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին:
Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները շաբաթ օր նախագահին ներկայացուցած են հաւանական տարբերակները: Կը սպասուի, որ Սպիտակ տան ղեկավարը այդ առնչութեամբ իր որոշումը տայ այս շաբաթ:
Զինուորներուն մէկ մասը կրնայ ուղարկուիլ Միացեալ Նահանգներէն, մէկ մասը` Եւրոպայի այլ մասերէն: Տարբերակներէն ոչ մէկը Ուքրանիա զօրքի ուղարկումը կը ներառէ:
Արեւմտեան երկիրները Ռուսիան կը զգուշացնեն Ուքրանիա ներխուժելու պարագային հետեւանքներու մասին: Պայտըն նախապէս ըսած էր, որ իր կարծիքով, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին տակաւին Ուքրանիոյ կացութեան հետագայ զարգացման վերաբերեալ վերջնական որոշում չէ տուած:
Ռուսիան կը հերքէ յարձակումի ծրագիրները եւ չի բացառեր Արեւմուտքի կողմէ զինուորական սադրանքները:
Կացութեան սրումը տեղի կ՛ունենայ Ռուսիոյ եւ արեւմտեան երկիրներու միջեւ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ բանակցութիւններուն լոյսին տակ:



