Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութենէն պաշտօնատարներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ իրանցի դիւանագէտներ երէկ սկսած են 2016-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ժողովներուն մասնակցիլ սոյն կազմակերպութեան, որուն կեդրոնատեղին Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ է:
Պաշտօնատար մը յայտնած է, որ դիւանագէտները մասնակցած են 57 անդամներ ունեցող կազմակերպութեան 22 մարտին Իսլամապատի մէջ նախատեսուած ժողովի նախապատրաստութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ժողովին: «Ասիկա առաջին ժողովն է, որուն կը մասնակցին անցեալ շաբաթ Ժետտա վերադառնալէ ետք», աւելցուցած է ան:
Կազմակերպութենէն այլ պաշտօնատար մը յայտնած է, որ ժողովին մասնակցող իրանցի դիւանագէտները կ՛աշխատին Ժետտայի մէջ Իրանի առժամեայ ներկայացուցչութեան կեդրոնատեղիին մէջ, որ Ժետտայի մէջ Իրանի հիւպատոսարանէն անկախ կառոյց մըն է:
Յիշեցնենք, որ 2016-ին իրենց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզած Իրանն ու Սէուտական Արաբիան անցեալ տարի Իրաքի հիւրընկալութեամբ դէմ առ դէմ բանակցութիւններու 4 փուլ կատարած են, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն անվտանգութեան փորձագէտները դեկտեմբեր 2021-ին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ անվտանգութեան հարցերու շուրջ երկխօսութեան նիստ գումարած են:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան անցեալ ամիս յայտնած էր, որ Սէուտական Արաբիան համաձայն գտնուած է կազմակերպութեան մօտ հաւատարմագրուած իրանցի երեք դիւանագէտներուն մուտքի արտօնագիր շնորհելու:



