Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Ծովուժի Հրամանատարը Խրիմի Եւ Փութինի Մասին Խօսքերէն Ետք Հրաժարած Է

January 24, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Քրիսթինա Լամպրեխթ ընդունած է հրաժարականը Գերմանիոյ ծովուժի հրամանատար, փոխծովակալ Քայ Ախիմ Շոնպախի, որ յայտարարած էր, թէ Խրիմը երբեք պիտի չվերադառնայ Ուքրանիոյ կազմ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Ես տակաւին նոր խնդրեցի պաշտպանութեան դաշնակցային քարտուղարէն անյապաղ զիս ազատել նաւատորմիղի հրամանատարի պարտականութիւններէն», կը նշուի անոր յայտարարութեան մէջ:

Փոխծովակալը իր այս քայլը անհրաժեշտ նկատած է գերմանական ծովուժին, զինեալ ուժերուն եւ ինքնին երկրին «հետագայ վնասէն» խուսափելու համար:

«Դաշնակցային նախարարը ընդունած է խնդրանքս», ըսած է զինուորականը:

Շոնպախ նախապէս Հնդկաստանի մէջ խօսք արտասանելով յայտնած էր. «Խրիմի թերակղզին չկայ», այսինքն անիկա Ուքրանիոյ պիտի չվերադառնայ: Փոխծովակալը նաեւ անհեթեթութիւն կոչած է Ռուսիոյ ուղղուած Արեւմուտքի մեղադրանքները` Ուքրանիոյ շրջանին մէջ ապակայունացման նախապատրաստուելու համար: Բացի ատկէ,  փոխծովակալը ըսած է, որ Ռուսիան Հնդկաստանին եւ Գերմանիոյ պէտք է Չինաստանը դիմակայելու համար` նշելով, որ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կ՛ուզէ «հաւասար հիմերով յարգանք» ունենալ Արեւմուտքէն եւ «անոր դիւրին է տալ յարգանք, որ ան կը պահանջէ, եւ որուն, հաւանաբար, արժանի է»:

Շոնպախ աւելի ուշ այդ յայտարարութիւնները կոչած է «ակնյայտ սխալ» եւ «այս կացութեան մէջ չմտածուած, սխալ գնահատուած»:

Ռուսական «Լայֆ» կայքը կը հաղորդէ, որ Շոնպախ Պաշտպանական հետազօտութիւններու հնդկական հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ` անդրադառնալով լայնածաւալ զինուորական տագնապներու նիւթին յայտնած է. «Կը կարծեմ, որ ցամաքային պատերազմը կարելի պիտի ըլլայ ոչ թէ յառաջիկայ երկու-երեք տարուան ընթացքին, այլ յաջորդ 10-20 տարուան մէջ»:

Շոնպախ ընդգծած է, որ տուեալ պայմաններուն մէջ պէտք չէ շեշտը դնել երկիրներու երկկողմանի գործընկերութեան վրայ եւ կոչ ուղղած է «աւելի սերտ միութիւններ» կազմակերպելու:

Նախորդը

Էրտողան Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Կը Նկատէ Պատմութեան Մէջ Ամէնէն Խաղաղը

Յաջորդը

Իրանցի Դիւանագէտներ Ժետտայի Մէջ Մասնակցած Են Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Ժողովին

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.