Բրիտանիան Ուքրանիա ուղարկած է նորաստեղծ յատուկ գործողութիւններու բանակային ջոկատէն 30 զինուոր: Այս մասին կը հաղորդէ «Սքայ Նիուզ»-ը:
Մասնայատուկ ուժերու անդամ շուրջ 30 բրիտանացի զինուորներէ բաղկացած խումբը հասած է Ուքրանիա` ուքրանական զինեալ ուժերուն Բրիտանիոյ կողմէ նուիրուած նոր հակահրասայլային զէնքերը օգտագործել ուսուցանելու համար:
Բրիտանական լրատուամիջոցը կը նշէ, որ զինուորները կը պատկանին ռէյնճըրական գունդին: Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ կը նշուի, որ բանակի յատուկ գործողութիւններու ջոկատը կը ներառէ չորս ռէյնճըրական գումարտակ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան ծրագիրներուն համաձայն, այդ ստորաբաժանումները «մշտապէս ներկայ պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհի վրայ` համագործակցելու դաշնակիցներու ու գործընկերներու հետ եւ կռուելու հակառակորդներու դէմ, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն Բրիտանիոյ եւ անոր շահերուն համար»:
Բրիտանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ճէյմս Հիփի նախապէս յայտարարած էր, որ Բրիտանիան Ուքրանիոյ 2000 թեթեւ հակահրասայլային հրթիռային կայանք մատակարարած է:



