Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Կը Մաղթեմ, Որ 2022-ը Ըլլայ Լիբանանը Իր Տագնապէն Դուրս Բերող Տարին»

January 22, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երկիրը Դանդաղ Քայլերով Մուտք Կը Գործէ
Նախընտրական Փուլ.
Հարիրի Իր Կեցուածքը Կը Յայտարարէ Երկուշաբթի

Մինչ լիբանանցիները իրենց հայեացքները կը սեւեռեն երկուշաբթի օր կառավարութեան գումարելիք նիստին եւ քննարկուելիք 2022-ի պետական ամավարկին ու տնտեսական ապաքինման ծրագիրի վաւերացումին վրայ,  Լիբանան դանդաղ քայլերով մուտք կը գործէ դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններու մթնոլորտ:

Նախընտրական կացութիւնը ցարդ կարելի է բացատրել կարգ մը շրջաններու մէջ առաջադրուած այս կամ այն թեկնածութիւններուն յայտարարութեամբ: Իսկ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ սպասուած պաշտօնական յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան առաջադրումին, դարձեալ յետաձգուեցաւ երկուշաբթի օրուան:

Ճիշդ է, որ Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ Սաատ Հարիրիի, սակայն նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ երկուշաբթի, 24 յունուարին Սաատ Հարիրի պիտի արտասանէ իր պաշտօնական կեցուածքը:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հիւպատոսական անձնակազմը` գլխաւորութեամբ հիւպատոսական անձնակազմի քարտուղար Ժոզեֆ Հապիսի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ 2022-ը ըլլայ Լիբանանը իր տագնապներէն դուրս բերող տարի մը, ինչպէս նաեւ անիկա շատ աւելի հզօր ըլլայ, որովհետեւ Լիբանան կեանքի արժանի հայրենիք է:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի կառավարութեան հետ ապաքինման ծրագիրը յաջողցնելու համար:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բոլորին գործակցելու` ի խնդիր լիբանանցիներու շահերուն, որովհետեւ երկիրը յաւելեալ բարդութիւններ չի կրնար հանդուրժել:

Նախագահ Աուն ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին իրավիճակն ու կարիքները:

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի. «2022-ի Պետական Ամավարկը Նոր Տուրքեր Չի Պարտադրեր»

Յաջորդը

Թուրքիան Հայաստանի Հետ Կ՛ուզէ Բանակցիլ Երեւանի Կամ Անգարայի Մէջ, Եւ Ոչ Թէ Երրորդ Երկրի Մէջ

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.