Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիգրան Գալայճեանի (1973-2021) Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով

January 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տիգրան անդրանիկ զաւակն էր Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեաններու եւ յաջողակ գլխաւոր ֆինանսական տնօրէնը Wunderman Thompson ընկերութեան Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներու տարածքին: Իր ասպարէզին զուգահեռ, Տիգրան հայ կեանքի մէջ ներգրաւուած էր եւ լիբանանահայ համայնքի գործօն անդամ էր:  Բազմաթիւ բարեգործական, մշակութային, ուսումնական եւ ընկերային ծրագիրներու յաջողութեան նպաստած էր` կազմակերպչական եւ խորհրդատուական իր բացառիկ կարողութիւններով:

Տիգրան Գալայճեանի
Կեանքին Հետքերով

Ժամանակը երբեք չի կրնար մթագնել քու յիշատակդ, սիրելի՛ Տիգրան: Կենսունակ քու խառնուածքդ, ճառագայթող քու ժպիտդ, խանդավառ խօսակցութիւնդ, լաւատեսութիւն եւ դրական ուժ փոխանցող բնաւորութիւնդ, բոլոր հարցերուն լուծում գտնող քու պայծառ միտքդ, վճռակամութիւնդ մեզի կ՛ընկերանան մեր կեանքի իւրաքանչիւր օր:

Քու ծնունդովդ մեր օճախը լուսաւորող եւ երջանկութեամբ օժտող որպէս մեր անդրանիկ զաւակը, հօրդ եւ իմ օրերը իմաստաւորեցիր: Դուն էիր, որ տուիր մեր կոչումը` որպէս հայր եւ մայր, որ մեր մինչ այդ ունեցած բարձրագոյն պաշտօնն էր: Քու աճումիդ հետեւեցանք քայլ առ քայլ, մանաւանդ երբ սկսար բարբառել մեր մայրենի լեզուն: Ի՜նչ երջանկութիւն էր լսել «մամա» եւ «պապա» քու կանչերդ: Հետզհետէ կազմաւորուող քու մտային կարողութիւններդ մեզ կը լեցնէին ապագայի երազներով: Դպրոցական տարիներուն քու արձանագրած արտակարգ արդիւնքներդ կը յուսադրէին մեզ,  որ անպայման պիտի հասնիս ապագայ ասպարէզիդ բարձունքները: Փայլուն յաջողութիւններով սկսար աւարտել համալսարանի պսակաւոր արուեստից/պսակաւոր գիտութեանց եւ մագիստրոսի ծրագիրները ու նետուեցար կեանքի ասպարէզ: Շահեցար յարգանքը գործակիցներուդ եւ պատասխանատուներուդ, մինչեւ գրաւեցիր բարձր դիրքեր միջազգային այն ընկերութիւններուն մէջ, ուր հրաւիրուեցար աշխատանքի:

1995 թուականէն սկսեալ թրծուեցար ֆինանսական աշխարհի ամենաբարդ հոլովոյթին մէջ եւ հետզհետէ հասար բարձրագոյն ղեկավարութեան ոլորտներուն: Ոչ միայն փայլեցար ասպարէզիդ մէջ ձեռք ձգած հմտութեամբդ, այլ նաեւ մարդկային արժանիքներովդ` իբրեւ օրինակելի առաջնորդ եւ ղեկավար: Այդ ուղղութեամբ կը վկայեն քու տնօրէնութեանդ տակ գտնուող բոլոր գործակիցներդ:

Պատանեկան օրերուդ ՀՄՄ-ի սկաուտական շարքերուն մէջ ձեռք ձգած կարգապահութիւնդ, հայրենասիրութիւնդ, հաւաքականութեան ծառայելու պատրաստակամութիւնդ` միանալով ընտանեկան յարկիդ տակ ստացած գաղափարական դաստիարակութեանդ, քեզ դարձուցին հայ համայնքի աչքառու երիտասարդ ուժերէն մին` որպէս Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի երեսփոխան: Այդ հանգամանքով ալ ծառայեցիր Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ բարգաւաճման եւ ծուխի կարիքներուն բաւարարման:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ստեղծուած համատարած թշուառութեան եւ հետզհետէ աճող տնտեսական սուր տագնապին լուծումներ որոնելով, հասար ժողովուրդի համեստ խաւի ամէնօրեայ պէտքերուն:

Համալսարանական ուսմամբ օժտուած հայ երիտասարդ ուժերու հանդէպ հոգածու կեցուածքովդ զանոնք առաջնորդեցիր իրենց մասնագիտութեան յատուկ պաշտօններու՝ միջազգային ընկերութիւններու մէջ: Քայլ պահեցիր անոնց յառաջխաղացքին հետ եւ քու փորձառու ու հեռատես ղեկավարի ցուցմունքներովդ զիրենք հաստատեցիր տուեալ ընկերութիւններու մնայուն քատրին մէջ:

Կազմեցիր քու ընտանիքդ համալսարանական ուսմամբ օժտուած հայուհիի մը` Սիլվիին հետ: Նուիրուեցար ընտանիքիդ բարօրութեան եւ տիկնոջդ հետ դաստիարակեցիր մանչդ` Արեգը եւ դուստրդ` Սարիկը: Անոնք վայելեցին քու ամբողջական սէրդ եւ հոգածութիւնդ: Չխնայեցիր որեւէ բան անոնց ուսման վերաբերեալ: Անոնք յաճախեցին Ամերիկեան համալսարանի կից ինթըրնեշընըլ քոլեճ, ուր դուն  եւ եղբայրդ` Ռազմիկը ստացած էիք ձեր նախակրթարանի եւ երկրորդականի ուսումը: Ուզեցիր, որ զաւակներդ ստանան որակաւոր ուսում` միջազգային մակարդակով:

Հաւատացած ըլլալով կեանքիդ մէջ քու ընտանիքիդ դերակատարութեան, ուզեցիր նոյն արժէքները փոխանցել քու զաւակներուդ: Աշխատանքի հանդէպ սէր, կարգապահութիւն, ծնողաց հանդէպ յարգանք, ծառայասիրութիւն, տկարներու հանդէպ կարեկցութիւն: Կարիքաւորներուն օգնելու առաքինութիւնը կը  փոխանցէիր քու կեանքիդ օրինակով:

Հօրդ` գրագէտ Պէպօ Սիմոնեանին հանդէպ խոր ակնածանք ունէիր եւ հպարտ էիր անոր հարուստ վաստակով` իբրեւ գրող, հասարակական դէմք, ղեկավար, կրթական առաջնորդ եւ մանկավարժ: Մօտէն կը հետեւէիր անոր վերլուծումներուն` կուսակցական, ազգային, քաղաքական եւ մշակութային մարզերու վերաբերեալ: Ընտանեկան այս դպրոցին մէջ թրծուեցար եւ դարձար ազգային կեանքի դերակատարներու հոյլին ընտրանիներէն մին:

Բացառիկ հոգածութիւն ցուցաբերեցիր մօրդ նկատմամբ, յատկապէս հօրդ մահուընէն ետք: Գնահատանքով կ՛արտայայտուէիր քու ուսմանդ եւ ասպարէզիդ մեծապէս նպաստած մօրդ դերակատարութեան մասին` իր համալսարանի դասախօսի հանգամանքով: Եղբօրդ հանդէպ ունեցած մտերմութիւնդ, գործակցութիւնդ, անոր ընտանիքին հանդէպ տածած բացառիկ սէրդ մաս կը կազմեն քու արժանիքներուդ: Երկու եղբօր միջեւ գոյութիւն ունեցող ձեր կապը այնքան ամուր եղած է, որ հիացումի առարկայ դարձած է ձեր անմիջական շրջանակներուն մէջ:

Խորապէս ընկերային խառնուածքովդ մշակեցիր բարեկամութիւններ գիտակից կեանքիդ բովանդակ ընթացքին: Ցուցաբերեցիր հաւատարմութիւն եւ նուիրում բարեկամներուդ եւ անոնց ընտանիքներուն նկատմամբ:

Տունդ միշտ լեցուն էր հարազատներով եւ բարեկամներով, որոնք ուրախութեամբ կը հիւրասիրէիր կնոջդ` Սիլվիին հետ: Ազգականական եւ բարեկամական շրջանակներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն լուծման մասնակից էիր: Կը հասցնէիր անոնց քու նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնդ: Միշտ պատրաստ էիր գործնականօրէն սատարելու անոնց խնդիրներու լուծման:

Փոքր տարիքէդ ընտանիքէդ ստացած քրիստոնէական դաստիարակութիւնդ քեզի հետ մնաց ամբողջ կեանքիդ: Սուրբ գրային սկզբունքներով ապրեցար քու կեանքդ: Հաւատացիր աղօթքի ուժին եւ դիմեցիր Աստուծոյ քու բոլոր ծրագիրներուդ յաջողութեան համար: Ինձմէ եւս կը խնդրէիր աղօթք եւ կը հաւատայիր, որ անոնք անպայման  պատասխանի պիտի արժանանային: Քու առաքինութիւններուդ մաս կը կազմէին պարկեշտութիւնը, արդարամտութիւնը, ճշմարտախօսութիւնը, ծառայութիւնն ու աշխատասիրութիւնը, որոնք քու քրիստոնէական նկարագիրդ կը ցոլացնէին նաեւ:

Լաւատեսութիւնը կը կազմէր քու ամենացայտուն յատկանիշդ: Ամենադժուարին եւ բարդ իրավիճակներուդ մէջ միշտ ելք մը կը գտնէիր քու պայծառ լաւատեսութեանդ պատճառով: Մութ ամպերը կը փարատէին, երբ լծուէիր աշխատանքի, քու դրական կեցուածքովդ կը յաղթահարէիր բոլոր դժուարութիւնները: Որքան պէտք ունինք այսօր քու ներկայութեանդ, յատկապէս լիբանանեան իրականութեան մէջ հետզհետէ քայքայուող տնտեսութիւնը, դրամատնային անկեալ վիճակը, ապահովական քաոսը, դեղորայքի եւ այլ կենսական նիւթերու անբաւարարութիւնը քաղաքացիները հասցուցած են ծայրայեղ յուսահատութեան: Արդեօք ի՛նչ ձեւով մեզի պիտի օգնէիր դուրս գալու մեր այս անբաղձալի վիճակէն:

Գիտենք, որ ներկայ ես մեր կեանքին մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ: Հոգիդ կը թեւածէ մեր շուրջը եւ մեզի ուժ, կորով, քաջալերանք կը փոխանցէ: Խաղաղութեան մէջ կը պահէ մեզ,  որպէսզի քու յիշատակդ մեզ գօտեպնդէ, դուրս բերէ մեր խոր վիշտէն: Յաւիտենականութեան մէջ ես արդէն` շրջապատուած լուսաւոր հոգիներով:

Թող մենք եւս արժանի դառնանք միանալու քեզի` իբրեւ մէկ մասնիկը արդարներու փաղանգին:

ՄԱՅՐԴ` ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ-ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Նախորդը

Դերասան Եւ Բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանին Յիշատակին

Յաջորդը

Մէկ Զոհն Անգամ Շատ Է

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.