Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 20 յունուարին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ-Սաժես ճակատումը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:30-ին:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած երթի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ղազիրի մէջ` նախորդ 18 հոկտեմբերին, աւարտեցաւ Սաժեսի յաղթանակով, 99-62 արդիւնքով:
Այս իրողութենէն մեկնելով` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը սպասուի ամէն ճիգ ի գործ դնել յաղթանակ մը արձանագրելու իր մրցակիցին դէմ:
Ներկայ դրութեամբ Սաժես կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը (8 յաղթանակ, 2 պարտութիւն), մինչ ՀՄԸՄ` 9-րդ դիրքը (2 յաղթանակ, 8 պարտութիւն):
Նշենք, որ երէկ նախատեսուած Անիպալ Զահլէ-Աթլաս Ֆըրզոլ մրցումը կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով յետաձգուեցաւ շաբաթ, 22 յունուարին:


