Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ խստիւ դատապարտեց Ապու Տապիի վրայ կատարուած յարձակումը, որ թիրախ դարձուց էմիրութեան կենսական եւ քաղաքացիական կառոյցներէն մէկը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին դատապարտեց Ապու Տապիի օդակայանին վրայ կատարուած յարձակումը, որ պատճառած էր զոհեր ու վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ բռնկեցուցած հրդեհ մը:
«Կը զօրակցինք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ժողովուրդին եւ իշխանութեան: Այս արարքը կը նկատենք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ապահովական կայունութիւնը թիրախ դարձնող յարձակումը մը, որուն նպատակն է ստեղծել իրարանցում եւ ուղղել արիւնալի պատգամներ, որոնք ոչ մէկ անգամ ծառայած են իբրեւ տագնապներ լուծելու միջոց», շեշտեց Միքաթի:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հուսի միլիսները ամբաստանեց Ապու Տապին ռմբակոծելու յանցանքով` հաստատելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքի օդակայանը ռմբակոծողները իրանեան անօդաչու թռչող սարքեր են:
Հարիրի Ծոցի երկիրներուն կողմէ պահանջեց յստակ կեցուածք մը, որ կը կասեցնէ իրանեան ներթափանցումը արաբական երկիրներուն եւ հասարակութիւններուն մէջ:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի խստիւ դատապարտեց Ապու Տապիի օդակայանին ռմբակոծումը` հաստատելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրենց սրտին մէջ են եւ անոնց կամքն ու կորովը ատելութեան ձեռքով կարելի չէ տապալել:
Պու Հապիպ Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ իր կատարած այցելութեան արդիւնքները:



