Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Աշակերտներ` Արցախցիներուն Կողքին

January 18, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նամակներ

Սիրելի հերո՛ս մայր,

2022 տարուան սեմին աղօթքս ու մաղթանքս է, որ հայ մայրը ա՛լ արցունք չթափէ ու ո՛չ մէկ հայ ալ ցաւ չտեսնէ, հող ու տուն չկորսնցնէ ու պանդուխտ չդառնայ… Թող յաւերժ ապրին մեր հերոսները, որոնք իրենց թանկ արիւնը նուիրեցին հայրենիքին, որպէսզի մենք խաղաղ կեանք մը ապրինք:

Ձեզի զօրավիգ`
ՄԷՅՐԻ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ

Սիրելի հերոսի՛ ընտանիք,

Կը համբուրեմ «արդարութեան մարտիկ» կամ «ազգային հերոս» կոչուած ձեր զաւակին սուրբ ճակատը, որուն միտքը, մտածումը կը տոգորուէր հայրենիքի ցաւով ու սիրտը կը տրոփէր հայրենիքի սիրով… Հայ ծնիլը ու հայօրէն մեռնիլը բախտաւորութիւն է, իսկ մենք` սփիւռքահայ երիտասարդներս, բախտաւոր ենք, որ այսպիսի զինուորներ ունինք, որոնք անմահացան, որ մենք հայօրէն ու հայավայել կեանք մը ապրինք:

Ձեզի միշտ յիշող`
ՃԵՆԻՖԸՐ ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Սիրելի հա՛յ զինուոր,

Դուն պատիւն ես մեր հայրենիքին ու ողջ հայութեան: Մենք հայրենիք չունինք` առանց քու զոհողութիւններուդ ու նուիրումիդ: Քեզի կը մաղթեմ անփորձանք ծառայութիւն եւ անսպառ ուժ: Աստուած պահապան քեզի, անպա՛րտ հերոս:

ԼՈՌԻ ԱՒԵՏԻՍ

Սիրելի հա՛յ զինուոր,

Թող որ քու ամէն մէկ հարուածէդ ոչնչացնէ թշնամին եւ աւելի ու աւելի զօրացնէ բազուկներդ. կը մաղթեմ, որ ողջ եւ առողջ տուն վերադառնաք: Դուք հայ ազգին պատիւն էք, յաւերժ շնորհակալ ենք:

ԿԱԼԻԱ ՊԱՍՏԱՃԵԱՆ

Ծնողք նահատա՛կ զինուորի,

Վերջին մէկ տարուան ընթացքին, հազարաւոր զոհեր տուինք, եւ հայրենիքի դաւաճան անձնաւորութիւններ ծախեցին մեր սիրելի Արցախը: Ահաւասիկ մէկ տարի անցաւ, որ դուք կորսնցուցիք ձեզի սիրելի զաւակը, որ մեծցուցած էիք 18-19 տարիներ: Բոլորս ալ նոյն ցաւերը ապրեցանք ձեզի հետ, երբ տեսանք դաւաճան իշխանութիւններուն կեցուածքը, որոնք իրենց շահերը կը հետապնդեն եւ թոյլ տուին թշնամիին` թափանցելու մեր հողերէն ներս: Ամբողջ հայ ազգը պիտի չմոռնայ մեր զոհուած հերոսներուն մասին: Ձեր զաւակը հերոս մըն է եւ ոչ թէ` պարզ զինուոր, որովհետեւ ան քաջութիւնը ունեցաւ եւ զոհուեցաւ իր հայրենիքը պաշտպանելու համար:

Ցաւակցութիւններս եւ, ամէնէն կարեւորը, ուժ կը մաղթեմ ձեզի: Մենք թէեւ հեռու ենք ձեզմէ, բայց միշտ ձեր մասին կը մտածենք: Երբեք մի՛ նեղուիք, մենք ձեր կողքին ենք, եւ վստահ եմ, որ օր մը թշնամի թուրքը պիտի վերադարձնէ մեր հայրենի հողերը, եւ մեր կորուստը արդիւնքը պիտի ունենայ:

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԹԱԶԵԱՆ

Սիրելի ընտանիք նահատակուած հայ զինուորի,

Մեծ հպարտութեամբ կը գրեմ ձեզի` յիշեցնելու, թէ ձեր հերոս որդին միակ պատճառն է, որ մենք` սփիւռքահայերս, գիշերը հանգիստ մեր գլուխը բարձին վրայ կը դնենք` ապահով զգալով եւ ինքնավստահ ըլլալով, որ ձեր զաւակին, եղբօր կամ հօր պէս հերոսներ ունինք, որոնք պատրաստ են մեր հայրենիքին համար նահատակուելու:

Յուսախաբ մի՛ ըլլաք, այո՛, մենք մեր Արցախին մեծամասնութիւնը կորսնցուցինք, մեր եղբայրները կորսնցուցինք, եւ այս բոլորը շատ դժուար է, շատ նեղացուցիչ, թերեւս ալ` ջղայնութիւն պատճառող, բայց մենք ճակտի քրտինքով, արիւն թափելով եւ մեր բազուկներուն ուժերով պահեցինք եւ պահպանեցինք մեր Հայաստանը, մեր պայքարը կը շարունակուի:

Ես ձեզի կը յայտնեմ խորին ցաւակցութիւններս Լիբանանի Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տասներորդ դասարանէն:

Յուսամ խաղաղ երկնքի տակ կը տեսնուինք:

ՍԱԼԲԻ ՍԱԼՈՐԵԱՆ

Հայրենակի՛ց,

Ձեռքիս գրիչը ծանր է: Ես ձեզի ինչե՜ր ունիմ ըսելիք, բայց գրիչս իմ զգացումներս չի կրնար արտայայտել: Երանի ձեզի վերմակով անկողին դնեմ, բերեմ ձեզի տաք թէյ եւ խաչապուրի: Իմ սիրելիք, եթէ կարողութիւն ունենայի ձեր ցաւին նոյնիսկ բաժին մը առնելու, սիրով կ՛առնէի: Անհամբեր կը սպասեմ իմ վերադարձս Հայաստան, որ պարտքս կատարեմ հայրենիքիս հանդէպ: Ես  պիտի փորձեմ իմ լաւագոյնս կատարել` իբրեւ սփիւռքահայ: Ես պիտի չդադրիմ աշխատելէ, մինչեւ որ ապրիմ երկնքի տակ ուր երկուքս կը ժպտինք: Հպարտ եմ ես ձեր զինուորով: Մինչեւ վերջին շունչս հպարտ պիտի ըլլամ եւ իրենց պատիւն ու յիշատակը վառ պահեմ:

Յարգելի՛ հայրենակից, իմ անունս Արեւիկ է: Երբ յուսահատ կամ նեղուած զգաք, երկինքին նայեցէք, նոյնիսկ եթէ ամպերով փակուած է: Արեւը միշտ հոն է: Նոյնիսկ եթէ գիշերը գայ, արեւը միշտ կը վերադառնայ: Բայց կ՛ուզեմ ձեզի ըսել, որ ձեր զինուորը միշտ ձեզի հետ է, եւ ամէնէն փայլփլուն աստղն է: Գիշեր եւ ցերեկ ձեզ կը դիտէ եւ ձեր ճամբան միշտ լուսաւոր կը պահէ: Ձեր զինուորին սէրը ձեզի համար իրենց կրակին պէս անմար կը մնայ:

Աստղերու նման, ձեզի հետ միշտ,

ԱՐԵՒԻԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

 

Նախորդը

Հինցող Նորերը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.