Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանիոյ Վրայ Ռուսիոյ Հետագայ Յարձակումը Պիտի Ունենայ Արագ, Լուրջ Եւ Համակարգուած Հետեւանքներ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

January 17, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ճոզեփ Պորելի հետ: Անոնք խօսած են Ուքրանիոյ սահմանին մօտ ռուսական զօրքերու կուտակման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Արտաքին գործոց նախարարը եւ գերագոյն յանձնակատարը քննարկած են ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներու եւ եւրոպացի գործընկերներու հետ սերտ համակարգումը` ի պատասխան Ուքրանիոյ մէջ եւ անոր շուրջ Ռուսիոյ շարունակական, խորապէս մտահոգիչ զինուորական կուտակումներուն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Պլինքըն կրկնած է, որ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ հետագայ յարձակումը պիտի ունենայ արագ, լուրջ եւ համակարգուած հետեւանքներ:

Պլինքըն մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ը միասնակամ են ու պատրաստ Ռուսիոյ հետ հետագայ երկխօսութեան:

«Ուրախ էի այս շաբաթ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-Ռուսիա խորհուրդի նիստէն ետք զրուցելու ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ: Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ը միասնակամ են եւ պատրաստ`  Ռուսիոյ հետ հետագայ փոխադարձ երկխօսութեան ծաւալման», իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է Պլինքըն:

Վերջերս Արեւմուտքի եւ Ուքրանիոյ մէջ հետզհետէ աւելի յայտարարութիւններ կը հնչեն Ռուսիոյ կողմէ ուքրանական տարածք հաւանական «ներխուժման» մասին: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նման տեղեկութիւնները դատարկ եւ անհիմն լարուածութեան սրում կոչած է` ընդգծելով, որ Ռուսիան ոչ ոքի համար վտանգ կը ներկայացնէ:

Ան միաժամանակ չէ բացառած նման յայտարարութիւնները արդարացնելու համար սադրանքներու կարելիութիւնը, եւ զգուշացուցած է, որ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ խնդիրը ուժային ճամբով լուծելու փորձերը պիտի ունենան լրջագոյն հետեւանքներ:

Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի ուրբաթ օր յայտարարած էր. «Մտահոգ ենք Ուքրանիա ռուսական ներխուժումով, որ կրնայ յունուարի կէսէն փետրուարի կիսուն միջեւ կատարուիլ»:

Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ լարուածութիւնը շատ բարձր է, ուստի «Ռուսիան անվտանգութեան երաշխիքներու իր առաջարկներուն վերաբերեալ ուղղակի պատասխան կ’ուզէ ստանալ»:

«Սահմանին վրայ մեծ լարուածութիւն կայ: Եւրոպայի այս մասին մէջ շատ լարուածութիւն կայ», ըսաւ ան` նշելով, որ այսպիսի կացութիւն մը «ցամաքամասին համար շատ վտանգաւոր է», այդ իսկ պատճառով Ռուսիան իր մտավախութիւններուն վերաբերեալ ուղղակի պատասխանի կը սպասէ:

 

 

Նախորդը

«Գունաւոր Յեղափոխութեան Փորձի Պարագային ՀԱՊԿ-ն Անդամ Երկիրներու Պաշտպանութեան Պիտի Լծուի» Կ’ըսէ Մաթվիենքօ

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Պիտի Այցելէ Ռուսիա

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.