Երէկ` ուրբաթ, 14 յունուարին, Աւստրալիոյ իշխանութիւնները հրապարակեցին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ անվաւեր կը հռչակուի սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչի այցագիրը եւ ան երկրէն կ՛արտաքսուի:
Ասկէ բացի, Ճոքովիչի մուտքը Աւստրալիա երեք տարիով արգիլուեցաւ:
Ներկայիս Ճոքովիչի փաստաբանները դիմած են դատարան` բողոքելու համար այս որոշումին դէմ:
Ինչպէս ծանօթ է, Ճոքովիչ քանի մը օր առաջ հասաւ Մելպուրն` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի բաց մրցաշարքին, որուն ազդանշանը կը տրուի 17 յունուարին:
Նշուեցաւ, որ ան պատուաստուած չէ «Քորոնա» ժահրին դէմ, որովհետեւ նախորդ դեկտեմբերին վարակուած էր այս հիւանդութեամբ եւ առողջացած:
Ըստ Աւստրալիոյ իշխանութիւններուն, բոլոր օտարահպատակները երկիր պէտք է մուտք գործեն «Քորոնա» ժահրի պատուաստները ստացած ըլլալէ ետք միայն:
Բժշկական բացառութիւններուն մէջ չի մտներ նախորդ կէս տարուան ընթացքին վարակուած եւ առողջացած ըլլալը:



