Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին իրաւարարները շաբաթական երեք անգամ ֆիզիքական պատրաստութեան փորձեր կը կատարեն Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Այդ փորձերը կը կատարէ Արման Ալաբերքեան:
Նշուեցաւ, որ փորձերուն աւարտէն ետք իրաւարարները Սլաւիկ Ղազարեանի գլխաւորութեամբ 1-12 փետրուարին պիտի մեկնին ռուսական Քրիմսք քաղաքը` յատուկ ուսումնամարզական հաւաք կատարելու նպատակով:
Այս հաւաքին պիտի մասնակցին 35 իրաւարարներ եւ 5 հրահանգիչներ:
ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրաւիրուած յատուկ մասնագէտներ հաւաքին ընթացքին պիտի տան յատուկ դասախօսութիւններ:



